Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ մրցումը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 82-35 արդիւնքով (կիսախաղ` 49-21):
Հակառակ անոր որ Ռիատի առաջին քորթըրին ունեցաւ միայն 12 կէտի առաւելութիւն մը (22-10), սակայն այդ թիւը հետզհետէ բարձրացաւ եւ մինչեւ մրցումին աւարտը հասաւ 47 կէտի:


