Չինաստանի հարաւը ջախջախուած է «Պոյինկ 737» տիպի ճամբորդատար օդանաւ մը: Այս մասին հաղորդեց Չինաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանը:
«Չայնա Իսթըռն Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան «Պոյինկ 737» տիպի ճամբորդատար օդանաւը, որուն մէջ կը գտնուէին 133 ճամբորդներ, ջախջախուած է Չինաստանի Կուանսի-Չժուանի ինքնավար շրջանի Ուչժոու քաղաքային շրջանի Թեն գաւառին մէջ:
Օդանաւի ջախջախուած վայրին մէջ անտառային հրդեհ բռնկած է:


