Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւնները եւ զանոնք սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած զգայուն եւ դժուար իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Մքերի յայտնեց, որ Լիբանան լաւ վիճակի մէջ չի գտնուիր` աւելցնելով, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է գործակցին իրարու հետ, որպէսզի կարենան տագնապները լուծել:
Մքերի անհրաժեշտ նկատեց կարելի եղածին չափ մեղմացնել ցեխարձակումները` առանց ճնշելու ազատութիւնները, «որովհետեւ խօսքի ազատութիւնը տեղեկատուական եւ ժողովրդավարական առումով երանգ տուած է Լիբանանի պատմութեան», ըսաւ ան:
Մքերի նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մրցակցութիւնը ժողովրդավարական է` մաղթելով, որ այս փուլը Լիբանան խաղաղ կերպով աւարտէ:
«Տեղեկատուական «Պատուոյ ուխտ»-ին պէտք է յանձնառու ըլլալ եւ բարոյականին հսկել, որովհետեւ հանրութեան շահերը այդ կ՛ենթադրեն: Յաջորդ երկու ամիսները պէտք է խաղաղ ու բարի աւարտ ունենան», ըսաւ ան:
Մքերի նշեց, որ «ներկայիս ոչ մէկ պատճառ կայ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու կամ ջնջելու` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ցարդ պիտի կատարուին ճշդուած թուականին, բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք…», եզրափակեց ան:


