ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 399 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.000 լ. ոսկիի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կողմէ, Լիբանանի նկատմամբ հետաքրքրութիւն մը շօշափած է, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութեան ընդգծում:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամի յայտնեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ Լիբանանի կառավարութեան ժողովները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ պիտի մշակուի դրամատնային մարզի վերակառուցման օրինագիծ մը` ելեւմտական կացութիւնը սրբագրելու ռազմավարութեան շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելէ ետք:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շեշտեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ դաշինք գոյացնողը դաշնակցած կ՛ըլլայ Թայյունէի թակարդին զոհ գացած նահատակներու դահիճներուն հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ 15 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւնները քայլ մը կը նկատուին` ընտրելու դժոխքին եւ երկիրը փրկողին միջեւ: Պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարին` Ժահժահ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն Հըզպալլայի հետ դաշինք գոյացնողը դաշնակցած կ՛ըլլայ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննողին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ինկած նահատակներուն դահիճներուն հետ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց սիւննի համայնքին քուէարկելու ի նպաստ գերիշխանականներուն: Ան հաստատեց, որ հիմնական հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պետութիւնը վերադարձնել: Սինիորա շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի դէմ պէտք է երկու երրորդ ապահովել, որպէսզի ան ամբողջ պետութեան վրայ իր իշխանութիւնը չբանեցնէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Մայրերու տօնին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մայրս կեանք է եւ զոհողութիւն: Համակ յարգա՛նք մեր մայրերուն, որովհետեւ անոնք են անանձնականութեան եւ զոհողութեան իսկական օրինակները: Համակ յարգա՛նք բոլոր այն մայրերուն, որոնք կը սպասեն իրենց զաւակներուն վերադարձին` զինուորական տարազով: Համակ սէ՛ր բոլոր անոնց, որոնք կորսնցուցին հայրենիքի զոհաբերութեան բագինին վրայ ինկած իրենց զաւակները: Ձեր տօնին առիթով, ամբողջ հայրենիքը ձեզի է»:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ հզօր իշխանութեան օրուան ընթացքին տրամաբանութիւնը փուլ եկաւ եւ պետութեան հեղինակութիւնը վերացաւ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 15 մայիսէն ետք ալ իրենք պիտի շարունակեն մնալ ժողովուրդին ձայնը` փտածութեան դէմ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ խստիւ դատապարտեց սէուտական կառոյցներուն վրայ յարձակումներն ու անոնց դէմ բռնարարքները: Ան կոչ ուղղեց զօրակցելու Սէուտական Արաբիոյ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը հրահրեն Դիմադրութեան դէմ, իսկ Լիբանանը միայն մէկ քաղաքական ուժով կարելի չէ կառավարել: Ան ընդգծեց, որ ներկայիս Դիմադրութեան մղած պայքարը բաւական դժուար է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները փոփոխութեան փուլ մը կը նկատուին` աւելցնելով, որ իրենք կը վստահին իրենց հետեւորդներուն նուիրումին:
ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի շեշտեց, որ կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ Դիմադրութեան ներկայութիւնը Լիբանանն ու լիբանանցիները պաշտպանած է ամերիկեան դաւադրութիւններէն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական անկիւնադարձ մը կը նկատուին` Լիբանան հայրենիքին ու արտաքին ուժերու դիմաց խոնարհող Լիբանանին միջեւ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է փութայ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու եւ ոչ թէ դատական իշխանութիւններու որոշումներուն ընդդիմանալու:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ ամբողջ աշխարհին մէջ արձանագրուած ամերիկեան ոտնձգութիւնները ոչ ոքի անձնականութիւնը կը յարգեն եւ ապահով երկիրներ կը քանդեն: Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի փաստեն, որ Հըզպալլայի դէմ իրենց հետապնդած նպատակներուն առումով Միացեալ Նահանգները ձախող դուրս պիտի գան:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ որոշած է ընտրացանկ մը կազմել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, երեսփոխան Թալալ Արսլանի եւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանիի հետ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութեան համակիրները 15 մայիսին իրենց ուժգին մասնակցութիւնը պիտի բերեն տապալելու համար դեսպանատուներուն հոգատարութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատարութիւնը յայտնեց, թէ բանակը Պրիթելի մէջ կատարեց ներխուժումներ` ընտանիքներուն միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումներուն լոյսին տակ: Ներխուժած բնակարաններուն մէջ բանակը գրաւեց թմրեցուցիչի որոշ քանակ մը, «Քեփթակոն» դեղահատեր, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչ պատրաստելու սարքեր եւ հում նիւթեր: Գրաւուած ապրանքները յանձնուեցան պատկան մարմիններուն, եւ հետաքննութիւն բացուեցաւ:


