Ֆրանսան, Բրիտանիան եւ Գերմանիան կը պնդեն, որ Իրանի հետ առեւտուրը երաշխաւորելու Մոսկուայի պահանջները կը վտանգեն գրեթէ պատրաստ եղող հիւլէական գործարքի կնքումը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ բանակցային հոլովոյթի մասնակից երեք երկիրներու միացեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Ատիկա կը վտանգէ գործարքը` Իրանի ժողովուրդը զրկելով պատժամիջոցները չեղեալ նկատելու կարելիութենէն, իսկ միջազգային ընտանիքը` Իրանի հիւլէական ծրագիրին վերաբերեալ անհրաժեշտ երաշխիքներէն»:
Երեք երկիրներու յայտարարութիւնը յաջորդեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի` «արտաքին գործօններու» պատճառով Վիեննայի մէջ հիւլէական գործարքի շուրջ բանակցութիւններուն դադար տալու առաջարկին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Միացեալ Նահանգներէն պահանջած էր «առնուազն արտաքին գործոց նախարարի մակարդակով երաշխիքներ», թէ Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումին պատճառով հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները պիտի չազդեն Թեհրանի հետ Մոսկուայի յարաբերութիւններուն վրայ:


