Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը հրապարակեց «2022 թուականի փետրուար-մարտ ամիսներուն Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտումներու մասին» եռալեզու (հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն) միջանկեալ զեկուցումը: Զեկուցումը ուղարկուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առաջնային իրաւագիր ունեցող կառոյցներուն եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն:
Զեկուցումին մէջ հակիրճ անդրադարձ կատարուած է 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան ընդունումէն ետք Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան կեանքին, առողջութեան, ֆիզիքական եւ հոգեբանական անձեռնմխելիութեան դէմ կատարուած ոտնձգութիւններուն:
Զեկուցումը պատրաստուած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու, տարբեր համայնքներ, կրթական ու առողջապահական հիմնարկներ, քաղաքացիներու բնակավայրեր կատարած այցելութիւններուն, քաղաքացիներուն հետ ունեցած զրոյցներուն, պետական լիազօր մարմիններէ ստացուած տեղեկութիւններու հիման վրայ եւ նպատակ ունի փաստագրել Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու խախտման դէպքերն ու անոնց տարաբնոյթ դրսեւորումները եւ միջազգային կառոյցներու ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը հրաւիրելու Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:


