ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ օր գումարեց դռնփակ նիստ մը` քննարկելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի տեղեկագիրը, որ կը վերաբերէր հարաւային Լիբանանի մէջ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Ապահովութեան խորհուրդը այս շրջագիծին մէջ լսեց Լիբանանի մէջ Կութիերեսի ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքայի եւ խաղաղապահ գործողութիւններու գծով Կութիերեսի ներկայացուցիչ Ժան Փիեռ Լա Քրուայի զեկուցումները:
Վրոնեցքա ողջունեց Ապահովութեան խորհուրդին ցուցաբերած հզօր նեցուկը Լիբանանին, որ կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապ մը եւ կ՛ուղղուի դէպի բարեկարգումներու գործադրութեան առանցք:
Ան հաստատեց նաեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:
Վրոնեցքա ներկայացուց նաեւ Լիբանանի մէջ կատարուող նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք կը վերաբերին 15 մայիս 2022-ին կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը կարիքը ունի եւ արժանի է ունենալու այն գիտակցութիւնն ու կարողութիւնը` իր ձայնը լսելի դարձնելու:
Վրոնեցքա մաղթեց, որ կիները աշխուժ կերպով մասնակցին 15 մայիս 2022-ի ընտրութիւններուն` իբրեւ քուէարկողներ եւ թեկնածուներ:
Վրոնեցքա մտահոգութեամբ անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ հետզհետէ վատթարացող ընկերային եւ տնտեսական տագնապներուն, լիբանանցի ժողովուրդի տառապանքին եւ պետական մարզի քայքայումին: Ան շեշտեց շօշափելի բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Վրոնեցքա ընդգծեց տնտեսական եւ ելեւմտական արդար եւ վստահելի պատկերացումի մը, ինչպէս նաեւ ելեւմտական վարչութեան առողջ տնօրինման կարեւորութիւնը:
Ան հաստատեց, որ ելեկտրական մարզին պարագային պէտք է յստակ բարեկարգումներ որդեգրել, դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը ապահովել, Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնագիրը ստորագրել, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարին իմաստով քայլերու դիմել:
Վրոնեցքա կոչ ուղղեց թիւ 1701 բանաձեւին ամբողջական գործադրութեան` հաստատելով, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող համեմատական հանդարտութիւնը դիւրաբեկ է:
Ան կարեւոր նկատեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն կատարած իրենց օժանդակութիւնները շարունակեն, որպէսզի անոնք կարենան երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիներու անվտանգութիւնը պաշտպանել, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
Վրոնեցքա նկատել տուաւ, որ ինք Լիբանանի իշխանութիւններուն ներկայացուցած է 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին անկողմնակալ, ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւն կատարելու ՄԱԿ-ի պահանջը, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ ճշմարտութեան եւ արդարութիւն բանեցնել:
Վրոնեցքա ընդգծեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:


