Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի Երրորդ Թիւը

March 19, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համացանցի վրայ մարտ 14-էն կարելի է գտնել «Դրօշակ»-ի այս տարուան երրորդ թիւը, որ լոյս տեսաւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի աւարտէն քանի մը օր ետք, ուստի տրամաբանական է, որ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը կուսակցութեան կարեւորագոյն իրադարձութեան անդրադառնայ իր առաջնորդող յօդուածով, զոր կը հրատարակենք ստորեւ: «Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ հրապարակուեցաւ նաեւ նորաւարտ ժողովին որդեգրած յայտարարութիւնը:

«Դրօշակ»-ի ուշադրութեան առանցքը կը հանդիսանան Հայաստանի այսօրուան տագնապահար եւ մտահոգիչ իրողութիւնները: Առկայ քաղաքական վիճակին, անոր ծագման ու բնոյթի պատկերը կը ներկայացնէ դիւանագէտ, վերլուծաբան Վարդան Յակոբեան` Հայաստանը պատուհասած, այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութեան» նախադէպը տեսնելով գերմանական գումարներով Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկեան յեղափոխութիւն կատարած Լենինի եւ Խորհրդային Միութեան խորտակման ու անկախ Ռուսիան քայքայման եզրին հասցուցած Կորպաչովի ու Ելցինի գործունէութեան մէջ:

Անդրադառնալով ազգային միասնութեան գաղափարին` Վաչէ Բրուտեան կը ներկայացնէ այն ներքին ու արտաքին ազդակները, որոնք որոշակի նպատակներով պառակտած են հայութեան միասնականութիւնը:

Պատմաբան Արարատ Յակոբեան Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ակնառու գործիչ Ռուբեն Տէր Մինասեանի քաղաքական հայեացքներու լուսաբանմամբ քննութեան առարկայ կը դարձնէ հայութեան քաղաքական կողմնորոշումներու հարցը, ինչ որ կենսական խնդիր էր 100 տարի առաջ եւ այդպիսին է այսօր` գրեթէ նոյն աշխարհաքաղաքական իրողութիւններու լոյսին տակ:

Քաղաքագէտ Հրանտ Մելիք Շահնազարեանի յօդուածին խորագիրը կը յուշէ, որ անիկա նուիրուած է հայութեան համար կենսական հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարածաշրջանային հիմնահարցին` «Իրանի տարածաշրջանային շահերն ու հայկական գործօնը»:

«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ ներկայացուած են նաեւ տարածաշրջանային ու աշխարհաքաղաքական բնոյթի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ յօդուածներ:

«ԴՐՕՇԱԿ», թիւ 3 (1664), մարտ 2022 թ.

Նախորդը

Ակնարկ. Ուքրանիա. Պատժող, Պատժուող

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.