ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Անի Չաթալպաշեան-Եագուպեան (Հայաստան)
Տէր եւ տիկին Մայք եւ Գարին Կիրակոսեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Արամ եւ Պելինտա Եագուպեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Մհեր եւ Անիթա Թասլաքճեան եւ դուստրը
Եագուպեան եւ Ոսկեան ընտանիքներ
Փարթամեան եւ Չաթալպաշեան ընտանիքներ
Կոստանեան եւ Կիրակոսեան ընտանիքներ
Թասլաքճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳԱՌՆԻԿ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Դամասկոս, 1931-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 15 մարտ 2022-ին, Երեւան:
Հանգուցեալին հոգեհանգստեան արարողութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 20 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Էջմիածինի Ս. Հռիփսիմէ վանքին մէջ:
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին տեղւոյն վրայ:
Թաղման կարգը պիտի կատարուի նոյն վանքին մէջ, երկուշաբթի, 21 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Էջմիածինի Ս. Հռիսփիմէ վանքին կից գերեզմանատան Եագուպեան գերդաստանի դամբարանին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատուութիւնները կատարել ՀԲԸՄ Հայաստանին` հետեւեալ յղումով.
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնիա Կիւլպէնկ-Տէր Յակոբեան
Տիար Արթիւր Տէր Յակոբեան
Տիար Սերժ Տէր Յակոբեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Թալին Շորճեան եւ զաւակունք
Տիկին Ժաքլին Տէր Յակոբեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Կարպիս Տէր Յակոբեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Զաւէն Տէր Յակոբեան եւ զաւակունք
Տիար Վահէ Տէր Յակոբեան
Տիկին Ալիս Գոզանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արթիւր Կիւլպէնկ եւ զաւակունք
Տիար Կիւլպէնկ Կիւլպէնկ
Տէր Յակոբեան եւ Շորճեան ընտանիքներ
Կիւլպէնկ եւ Ֆրէնկիւլեան ընտանիքներ
Յակոբեան եւ Փուշուճեան ընտանիքներ
Խաչերեան եւ Ժամկոչեան ընտանիքներ
Էլմաճեան եւ Աւետիսեան ընտանիքներ
Հապոյեան եւ Պասմաճեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԳԷՈՐԳ ՏԷՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 15 մարտ 2022-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 18 մարտին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Նկատի ունենալով «Քորոնա» ժահրի պատճառած դժուարութիւնները` ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հեռախօսով:
Սոնիա` 01-335957, Արթիւր` 03-757806, Սերժ` 71-836402, Թալին` 03-976095:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ:
—————————————
ԿՈՉ` ՄԱՐՏ 1-Ի ԱՌԻԹՈՎ
1987-2022
Պատուարժա՛ն եկեղեցական, կրթական եւ ազգային առաջնորդներ,
Նաեւ դուք` «Զուարթնոց» կեդրոնի սիրելի՛ եւ յարգելի՛ բարեկամներ, քոյրեր եւ եղբայրներ,
Երեսուն հինգ տարիներէ ի վեր հետեւեցաք յատուկ դաստիարակչական մեր միակ հայաշունչ կեդրոնին յառաջխաղացքին: Իւրաքանչիւր քայլափոխին, Լիբանանի պատերազմին թէ վերականգնումի ջանքերուն, նաեւ վերջին տարիներու յեղաշրջումներուն ու «Քորոնա» ժահրին առթած վերիվայրումներուն ընթացքին, ձեր ջանքերը միացուցիք Լիբանանի Հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան այս կառոյցին:
Շնորհիւ ձեզի, բարեսիրական կազմակերպութիւններու, Ընկերային հարցերու նախարարութեան ներդրումին եւ հոյլ մը նուիրեալ գործակիցներու անշահախնդիր ջանքերուն, իր արդիական դաստիարակչական նստավայրով եւ կազմածներով, կեդրոնս կը դիմաւորէ իր 35-ամեակը վերանորոգ նուիրումով` վստահելով մեր Արարիչին անժամանցելի խոստումներուն:
«Տէրոջը ողորմութեամբ չհատանք, վասնզի Անոր գթութիւնը չպակսեցաւ. Անիկա ամէն առտու կը նորոգուի, Քու ճշմարտութիւնդ մեծ է»: Ողբք Երեմեայ 3:22-23
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Georgi Sabounjian հաստատութիւնը կարիք, ունի հետեւեալ գործերը կատարող պաշտօնեաներու.
- Կարի մեքենայի վրայ աշխատողներու,
Արտածումի փորձառու քարտուղարուհիի մը,
- 3D operator in CAD/CAM:
Դիմել` հեռ. 09-477778 կամ «Սի. Վի.»-ն ղրկել
[email protected] հասցէին:


