Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 16, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 614 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.350 լ. ոսկիի:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները կանգ չեն առած` աւելցնելով, որ բանակցութիւններուն ընթացքը լաւ ձեւով կ՛ընթանայ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 12.000 լ. ոսկիով, մազութը` 10.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 1000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է` 451.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 461.000 լ. ոսկի, մազութը` 479.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազի շիշը` 310.000 լ. ոսկի:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ ընդունեց իրաքեան կառավարական պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն յայտնեց, թէ առանց իրաքեան նաւթին` Լիբանան ամբողջական մութի ենթակայ պիտի ըլլար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ըսաւ. «Լիբանանի մէջ ամերիկեան հաստատութիւնները քանդուեցան այն ժամանակ, երբ անոնք կը ջանային քանդել մեր հաստատութիւնները: Ամերիկացին լաւ գիտէ, որ իր շրջանակը ներկայացնող անհատներն ու հաստատութիւնները տոկալու կարողութիւն չունին, մինչդեռ Հըզպալլայի հաստատութիւնները կարող են տոկալ ու գոյատեւել»:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ պաշտպանութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն պիւտճէները վաւերացուած են:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ քաղաքական կամ տնտեսական փրկութիւն կարելի չէ ապահովել, բացի Լիբանանը իր արաբականութեան վերադարձնելով եւ արաբները Լիբանան վերադարձնելով:

ԼԻԲԱՆԱՆ սննդեղէն ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի յայտնեց, որ շուկային մէջ գտնուող սննդեղէնը միայն երկու ամիս կը բաւարարէ` աւելցնելով, որ երկու ամիս ետք հաւանաբար, որ սննդեղէնի տագնապ արձանագրուի, որովհետեւ մարդիկ իրենց բնակարաններուն մէջ ապահոված պիտի ըլլան սննդեղէնը:

ԱԼՐԱՂԱՑՆԵՐՈՒ համախմբումի նախագահ Ահմետ Հըթէյթ յայտնեց, որ ցորենի պահեստը մէկուկէս ամսուան համար բաւարար է` աւելցնելով, որ այս փուլին Սուրիայէն եւ Ռուսիայէն ցորեն ներածելու դժուարութեան դիմաց կը գտնուինք, որովհետեւ անոնց դէմ պատժամիջոցներ որդեգրուած են:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին միջեւ համագործակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շարք Մը Դեսպաններու Յղեց Արցախի Մէջ Ստեղծուած Կացութեան Վերաբերեալ Նամակ Մը

Յաջորդը

Բանակը Փետրուար Ամսուան Ընթացքին Կատարեց 391 Ձերբակալութիւններ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.