Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Իր Թեկնածութիւնը Պիտի Չառաջադրէ

March 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ:

Ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին` հաստատելով, որ ինք պիտի զօրակցի անոնց, որոնք կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ:

«Պիտի գործակցիմ բոլորին հետ` ապահովելու համար բոլորին շահերը», ըսաւ ան:

Միքաթի շեշտեց, որ քուէատուփերուն մէջ նետուող իւրաքանչիւր քուէ կարողութիւն ունի փոփոխութիւն իրականացնելու, «հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին` մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն», ըսաւ ան:

Իր խօսքը ուղղելով Թրիփոլիի բնակչութեան`  Միքաթի ըսաւ, որ զիրենք միացնողը պաշտօնները չեն, այլ` արժէքներու եւ սկզբունքներու պատմութիւնը:

«Փոփոխութիւնը կը սկսի քուէատուփերուն մէջ եւ ոչ թէ տեղեկատուութեան մարզին ու ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կամ հրապարակներէն», հաստատեց ան:

Միւս կողմէ, Միքաթի վաղը` չորեքշաբթի, 16 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 35 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Միքաթի Իրաքեան Կառավարական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Ճարտարարուեստի Մարզին Մէջ Գործակցութեան Համաձայնագիրը

Վարչապետ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց իրաքեան կառավարական պատուիրակութիւն մը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիրը:

Ժողովին ներկայ գտնուեցան ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ եւ երկրագործութեան նախարար Ապպաս Հաժ Հասան, ինչպէս նաեւ իրաքցի նախարարներ, Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաք, Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հըպհապ եւ Կեդրոնական դրամատան Գ. փոխկառավարիչ Սելիմ Շահին:

Ժողովէն ետք նախարար Պուչիքեան յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան առումով առնուած քայլերը կ՛աշխուժանան` աւելցնելով, որ ժողովին ընթացքին քննարկուած են երկրագործութեան, ճարտարարուեստի, կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ  մարզերու մէջ տնտեսական փոխանակման ապագան:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ կայ տնտեսական միացեալ գործակցութեան լաւ կարելիութիւն, որուն գործադրութեան պարագային երկու երկիրները տնտեսական առումով իրարու պիտի ամբողջացնեն:

Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ իրաքեան պատուիրակութիւնը իրերայաջորդ հանդիպումներ պիտի ունենայ խնդրոյ առարկայ նախարարութիւններուն, Կեդրոնական դրամատան, ինչպէս նաեւ պատկան խորհուրդներուն հետ:

Ճ. Պուչիքեան նշեց, որ Լիբանանի եւ Իրաքի միջեւ տնտեսական շրջանը պիտի ըլլայ Թրիփոլին եւ անոր նաւահանգիստը` աւելցնելով, որ իրաքեան պատուիրակութեան Լիբանան այցելութիւնը կատարուած է երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական շրջանը ճշդելու եւ համագործակցութեան համաձայնագիրը ըստ այնմ գործադրելու առումով:

Իրաքին վճարելու գործիքակազմին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ անիկա պիտի ըլլայ այլ արտադրութիւններ փոխանակելով:

Նշենք, որ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Կարգ Մը Դրամատուներու Սեփականատէրերուն Համար Կ՛արգիլուի Իրենց Կալուածներով Ազատ Վարուելու Իրաւունքը

Յաջորդը

Պըրրի Յայտարարեց Ամալ Շարժումի Թեկնածուներուն Անունները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.