Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան, Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա` Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Միջեւ

March 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Այնքան ատեն որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը կը շարունակէ յաւելեալ աւերներ գործել եւ մարդկային կեանքեր խլել, աշխարհի երկիրները, յատկապէս` Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, ստիպուած են բարդ ընտրութիւն կատարելու իրենց քաղաքականութեան, հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս քուէարկութեան մէջ: Հակառակ Թուրքիոյ  յարափոփոխ  դիրքորոշման  մասին առկայ մտահոգութիւններու` ակնյայտ է, որ ո՛չ Ռուսիա, ո՛չ ալ Արեւմուտքը կ՛ուզեն Թուրքիան մղել ընդդիմադիր ճամբար: Նախագահ Էրտողանի աւագ խորհրդական Իպրահիմ Քալըն գոռոզաբար ըսած է CNN-ի, որ արեւմտեան երկիրները կոչ ըրած են Թուրքիոյ` պահպանել իր կապերը Ռուսիոյ հետ, ինչ որ շատ քիչ հաւանական է: Մէջբերուած են Էրտողանի խօսքերը. «Մենք ո՛չ Ուքրանիայէն, ո՛չ ալ Ռուսիայէն կը հրաժարինք»: Իրականութեան մէջ ասիկա կը բնութագրուի որպէս «ռազմավարական անորոշութիւն»:

Ահա՛ իմ վերլուծութիւնը այս պատերազմի` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ վրայ ունենալիք հետեւանքներուն մասին: Արդեօք անոնք կը յաջողի՞ն պահպանել իրենց երկդիմի  դիրքերը, թէ՞ կը սայթաքին եւ կը կորսնցնեն իրենց դիւրաբեկ հաւասարակշռութիւնը:

Սկսինք այն քուէներէն, զորս այս երեք երկիրները տուած են ներկայ պատերազմին մասին: Առաջին քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է 25 փետրուարին, Եւրոպական  խորհուրդի մէջ, որուն կ՛անդամակցին Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա: 47 անդամներէն միայն Ռուսիա եւ Հայաստան դէմ քուէարկած են` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովէն եւ Նախարարներու կոմիտէէն ներս Ռուսիոյ անդամակցութիւնը կասեցնելու միջնորդութեան: Կողմ քուէարկած են 42 երկիրներ: Ազրպէյճան չէ քուէարկած, իսկ Թուրքիա ձեռնպահ մնացած է:

Յաջորդ քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է 28 փետրուարին, ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին մէջ, Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը խորհուրդի օրակարգ ներառելու մասին: Խորհուրդի 47 անդամներէն 29-ն կողմ քուէարկած է, 13-ը ձեռնպահ մնացած է (ներառեալ Հայաստան): Ռուսիոյ, հաւանաբար, չէ գոհացուցած Հայաստանի քուէարկութիւնը: Միւս կողմէ` Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տենիս Աֆթոնոմով իր կառավարութեան գոհունակութիւնը յայտնած է Հայաստանի քուէարկութեան կապակցութեամբ: Աւելի կարեւորը այն է, որ 4 մարտին Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը քուէարկեց Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ խախտումները հետաքննող յանձնախումբ ստեղծելու օգտին: Կողմ քուէարկեց 32, ձեռնպահ` 13 երկիր (ներառեալ Հայաստան): Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ՄԱԿ-ի այդ խորհուրդին  անդամ չեն:

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդը 2 մարտին բանաձեւ անցուց` կոչ ընելով ռուսական ուժերուն` դուրս գալ Ուքրանիայէն: Կողմ քուէարկած է 141 անդամ, ձեռնպահ` 35-ը (ներառեալ Հայաստան): Թուրքիա կողմ քուէարկեց: Ազրպէյճան չքուէարկեց:

Անկախ քուէարկութենէն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վրայ դրուած է Ռուսիոյ հետ իր երկրի տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմական դաշինքը հաւասարակշռելու բաւական դժուար հարցը` փորձելով պահպանել լաւ յարաբերութիւններ Արեւմուտքի հետ: Հակամարտութեան առնչութեամբ, Փաշինեան իր առաջին զգուշաւոր կարծիքը արտայայտեց 2 մարտին` ըսելով. «Մենք սրտի կսկիծով կը հետեւինք հետզհետէ ծաւալող իրադարձութիւններուն, որոնք, հիմա արդէն ակնյայտ է, պիտի ունենան համաշխարհային հետեւանքներ: Մեր յոյսն է, որ այսօր նախատեսուած ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները կը կայանան եւ կ՛արդիւնաւորուին, եւ դիւանագիտութիւնը կը յաջողի լռեցնել թնդանօթները»:

Ազրպէյճան եւս կը գտնուի երկու ճամբարի մէջ: 26 փետրուարին Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Թուիթըրի մէջ երկու անգամ գովաբանած է Ազրպէյճանը, որ 5 միլիոն տոլարի դեղորայք մատակարարած է Ուքրանիոյ եւ վերջինիս շտապ օգնութեան մեքենաներուն համար ձրի նաւթ տրամադրել հրահանգած է Ուքրանիոյ մէջ նաւթ վաճառող ազրպէյճանական կեդրոններուն, այս բոլորը` Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշինքի պայմանագիրի ստորագրումէն միայն քանի մը օր ետք: Սակայն Ազրպէյճան, ինչպէս Թուրքիա եւ Հայաստան, պատժամիջոցներ չէ կիրարկած Ռուսիոյ դէմ: Միւս կողմէ` որովհետեւ Ուքրանիա քաղաքական եւ ռազմական աջակցութիւն ցուցաբերած էր Ազրպէյճանի մինչեւ 2020-ի արցախեան պատերազմը եւ այն փաստը, որ 2000 ռուս խաղաղապահներ կ՛ապահովեն արցախահայութեան անվտանգութիւնը, Արցախի կառավարութիւնը  ճանչցաւ  Ռուսիոյ կողմէ վերահսկուող Ուքրանիոյ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններու «անկախութիւնը»:

Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի միակ անդամն է, որ մերժած է պատժամիջոցներ կիրարկել Ռուսիոյ դէմ եւ բաց պահած է իր օդային տարածքը ռուսական օդանաւերու համար, որպէսզի չկորսնցնէ ռուսական ներդրումները, կազի ներկրումը եւ զբօսաշրջիկներէ ստացուող մեծ եկամուտները: Զարմանալիօրէն 1 մարտին Էրտողան հաստատեց Պիելոռուսիոյ հետ ներդրումներու խթանման համաձայնագիրը. Պիելոռուսիա Արեւմուտքի կողմէ պատժամիջոցներու  ենթարկուած է Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակման միանալուն համար: Միւս կողմէ` Թուրքիա արգելափակած է ռուսական որոշ ռազմանաւերու անցումը թրքական նեղուցներով դէպի Սեւ ծով, ինչպէս նախատեսուած է 1936-ի Մանթրոյի համաձայնագրով: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր երախտագիտութիւնը  յայտնած է թրքական որոշման համար: Այսուամենայնիւ, Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները կը մնան սառն:

Երբ թրքական անօդաչու թռչող տասնեակ սարքերէն հինգը խոցուեցան Ռուսիոյ կողմէ, Ուքրանիա  ծրագրեց  Թուրքիայէն անօդաչու թռչող յաւելեալ սարքեր գնել, որոնք թիրախաւորած են ռուսական զինուած շարասիւնները: Միւս կողմէ` Թուրքիա գնած էր ռուսական Էս-400  հակաօդային  հրթիռներու  համալիր, որ ստիպեց Միացեալ Նահանգներուն` պատժամիջոցներ կիրարկել ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ նկատմամբ` արգիլելով վերջինիս ամերիկեան Էֆ-35 ռմբակոծիչներու ձեռքբերումը:

1 մարտին «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը հրապարակեց Քարլոթա Կալի յօդուածը` «Ուքրանիա ներխուժումը կը մեծցնէ բախումը Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ» վերնագրով: Ան յայտնած է, որ պատերազմի մեկնարկէն ժամեր առաջ թրքական երկու օդանաւեր վայրէջք կատարած են Ուքրանիա` Քիեւէն դուրս բերելու համար դիւանագիտական անձնակազմը եւ` Թուրքիոյ այլ քաղաքացիներ: Այսուամենայնիւ, օդանաւերը եւ դուրս բերուած մարդիկ արգելափակուած են, որուն պատճառով երկրին ներսը  սկսած են Էրտողանը քննադատել` մօտեցող վտանգը  չկարենալ ըմբռնելուն  եւ աւելի արագ չշարժելուն համար: Ասոր վրայ Էրտողան նախագահներ Փութինն ու Զելենսքին հրաւիրած էր Թուրքիա` առ ի միջնորդութիւն պատերազմի լուծման: Փութին քաղաքավարի կերպով մերժեց անոր հրաւէրը: Մինչ Էրտողան փակեց արեւմտեան քանի մը լրատուական միջոցներ` լռեցնելու համար Ռուսիոյ հասցէին անոնց  քննադատութիւնը:

Հակառակ պատերազմի մէջ Թուրքիոյ  ցուցաբերած անորոշ  կեցուածքին` «Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ կողմէ պատերազմի ընթացքին աւերուած են թրքական գործարաններ եւ չորս պահեստներ: Այս գործարանները կ՛արտադրէին զինամթերք եւ փոքր ռումբեր», հաղորդած է լոնտոնեան «Օրուան Կարծիքը» (Rai Al-Youm) արաբական թերթը: Աւելի՛ն. «քանդուած է մեծ գործարան մը, որ մասնագիտացած էր «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան մէջ»: Ուքրանական գործարանները կը մատակարարեն թրքական անօդաչու թռչող սարքերու շարժիչներ եւ այլ կարեւոր մասեր: Պարբերականը մէջբերած է Էրտողանի անանուն աւագ խորհրդականը, ըստ որուն,  Ուքրանիոյ մէջ թրքական կորուստները կը կազմեն հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ եւ կրնան հասնիլ միլիառաւոր տոլարներու:

Միեւնոյն ժամանակ Էրտողանի փեսան` անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող Սելճուք Պայրաքթար, թուիթըրեան իր էջին մէջ գրած է.  «Ես խստագոյնս կը դատապարտեմ Ռուսիոյ անօրինական ներխուժումը, որ խախտում է անկախ պետութեան մը ինքնիշխանութեան իրաւունքի»` աւելցնելով, որ աջակից է «Ուքրանիոյ եւ Խրիմի` մեր թուրք եղբայրներու հայրենիքին, որոնք կը դիմադրեն բռնագրաւման»: Երկրորդ թուիթի մը մէջ Պայրաքթար ափսոսանք յայտնած է «պատերազմի պատճառած քանդումներուն եւ տառապանքներուն համար»: Թուրքիոյ քաղաքացիները մատնանշած են «մահուան վաճառականի»-ն կեղծաւորութիւնը, որուն անօդաչու թռչող սարքերը հսկայական աւերներ գործած են ամբողջ աշխարհի մէջ: Ակնյայտօրէն ան իր առեւտրական շահերը վեր կը դասէ մարդկային կեանքերէն:

Ռուս-ուքրանական պատերազմը խախտած է միջազգային կարգի չափանիշները` ստիպելով բազմաթիւ երկիրներու, որոնց շարքին` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, որ նրբանկատօրէն հաւասարակշռեն իրենց շահերը երկու կողմերուն հետ:

 

 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

95-ամեայ «Ազդակ Օրաթերթ»-ին Անցելապանծ Յոբելեանին Առիթով

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.