Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրախտավայրէն` Գեհեն – Սփիւռքի Դերը Հիմա

March 15, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Մեր դրախտավայրը վերածուեցաւ ԳԵՀԵՆի, որուն կրակը չի տեսնուիր, բայց կը մոխրացնէ ՀՈԳԻՆ: Պարոն վարչապետն ու իր կամակատարները Եռաբլուրի նահատակները իբր թէ կը յարգեն (ոճրագործ մը իր ոճիրի վայրը կը վերադառնայ յաճախ): Կը յարգե՞ն. անշո՛ւշտ ոչ, երբ ամբո՛ղջ ազգը նահատակ դարձուցած են:

Պաշտօն ստանձնած են բարեբեր խոստումներով, ապա մահաբեր ոստումներով բացած են գեհենը մեր շուրջ, որ կը ծաւալի՜ ու կը ծաւալի… Դաւաճանին մեծը-պզտիկը չկայ կը կարծէի: Ասոնք, որ ընտրուած են ազգ ու հայրենիք գոնէ պահպանելու, իրե՛նց իսկ պատճառով հայեր զանգուածաբար կը հեռանան իրենց ժառանգած պատմական հողէն, հայրենի տունէն, իրենց տաքուկ յիշատակներէն եւ սիրելիներու շիրիմներէն: Կը հեռանան նոյնիսկ անոնք, որոնք իրենց նահատակ որդին հոն թաղած են, կամ` հետքը կորսնցուցած: Կը հեռանան` փրկուելու համար մղձաւանջէն, ապահովելու խաղաղութեան զեփիւռ ունեցող կեանք մը` տեղահանուած, անմխիթար ընտանիքին համար:

Այս իշխանութիւնը մեծագոյն դաւաճանն է: Տգէտ եւ անխիղճ: Ո՛չ միայն անտեսեցին, այլ դանակոծեցի՛ն մեր դարերու դիմադրած պատմութիւնը, մեր ճան-ճիկեր ժողովուրդին սիրտը: Կտրատեցին մտաւորականութեան լեզուն: Աղճատեցին քաջութեան դիմագիծը: Թուրքին «բարեկամութիւնը» համտեսած ժողովուրդը նորէ՛ն մխրճեցին բարեկամութեան աքցանի մէջ, ոչ թէ որովհետեւ իրենց նախահայրերէն չէ փոխանցուած թուրքին խաբեբայ, գազանաբարոյ նկարագիրը, այլ որովհետեւ, իբրեւ ղեկավար, չունին հեռատեսութիւն` գոնէ ներկայացուած պահանջները խորապէս քննելու եւ կարենալ յօգուտ մեզի` սահմանազատում-սահմանագծում չխաղալու:

Բառերը հոգեխառնութիւն ունին: «Հող յանձնել»-ը դարձեր է «սահմանազատում»: «Բանտարկել»-ը դարձեր է «բերման ենթարկել»:

Այս բռնատէրը զօրաւորները բանտարկեց, որովհետեւ տակաւին հայրենի տարածք ունէր յանձնելու թշնամիին:

Զինծառայողները զինազուրկ մնացին… Հողը թափահարող զինուորները առանց ոտքի մնացին: Ծնողները առանց զաւկի, կիները` անամուսին, զաւակները որբ մնացին: Մեր բազմադարեան սրբավայրերը կը գլխատուին: Մարեցաւ Լոյսը, մնաց միայն Յոյսը. ա՛ն ալ կը դրուի իբրեւ զուարակ` քաւութեան պատգարակի վրայ:

Յաղթանակի այգի եւ Եռաբլուր: Սասունցի Դաւիթ եւ եօթը գոմէշի կաշիով ծածկուած ահագոռգոռ դաւաճան: Հայոց լեռնաշխարհ եւ թրքական բարք ու փորձանք:

Բարեբախտաբար կայ սփիւռք: Մեծաւ մասամբ` թուրքին գործադրած Եղեռնին իբր հետեւանք: Հակառակ որ սփիւռքը շուտ չսթափեցաւ, կամ` ընտրեց լռել տասնամեակներով: Փըրը-փըրթը հաւաքած` երազուած անկախութենէն գինովցած էր, ոչ թէ պահ մը, այլ` տասնամեակներո՜վ, եւ ո՛չ թէ հաւասարակշռութեամբ, լրջախոհութեամբ համակուած, այլ` հաստատուելու մարմաջով, մինչ այդ սփիւռքը դարձաւ խախուտ: Համընդհամուր մտահոգութեան համար է խօսքս: Սփիւռքը բարեգործութիւն եւ փառաբանութիւն տեղացուց ու յաճախ շահագործուեցաւ:

Իր թերթերը փակեց, իր դպրոցները տակաւի՛ն կը փակէ: Իր պատանիները զրկեց Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն: Երեք դպրոց քանի մը տարուան մէջ փակեցին հայկական է՛ն մեծ գաղութին` Լոս Անճելըսի մէջ: Կառավարական բարձր պաշտօններու տիրացածներ, տնօրէններ, արուեստագէտներ հայ վարժարաններու շրջանաւարտներ են: Նոպէլեան մրցանակի արժանացած գիտնականը Պէյրութի մէջ հայկական վարժարան յաճախած է:

Սփիւռքը հաշուետուութիւն չպահանջեց` իր զաւակներէն զրկած, հայրենիքի պատասխանատու մարմիններու տրամադրած հարիւրաւոր միլիոններուն համար: Հետապնդող չեղաւ, թէ ինչո՛ւ է հայաթափութիւնը անոնց, որ կը նախընտրէի՛ն մնալ հայրենի հողին վրայ: Ինչո՞ւ խաւաքարտէ տուներու մէջ քառորդ դար ապրեցան երկրաշարժի զոհերը, երբ ալանող-թալանողները ապարանքներ կը շինէին, օֆսայթ` միլիոններ կը հոսեցնէին: Անդին` երեխաներու դասարանները ջեռուցիչ չունէին, պատերը տամկացած, երդիքէն ջուր կաթկթող: Ինչո՞ւ ծնողներու համար անկարելի եղաւ իրենց զաւկին անհրաժեշտ խնամքը տանիլ եւ ստիպուած` յանձնեցին որբանոց: Ինչո՞ւ չհետապնդուեցան անոնք, որոնք տասնամեակներով խաբեցին մայրերը եւ անոնց նորածինը ծախեցին, յաճախ` օտարի: Անոնցմէ ոեւէ մէկը կրցա՞ւ վերատիրանալ իր զաւկին: Ինչե՜ր կ՛ընեն այդ մայրերը` գտնելու իրենցմէ խլուած զաւակները: Երբ տիրակալ ընչաքաղցութիւնը կը բթացնէ միտքը, կը խեղդուի՛ խիղճը, յատկապէս` խեղճերու, անպաշտպաններու նկատմամբ:

Ի՞նչ խիղճով արտօնեցին, որ մամիկներ ցնցոտիներու մէջ, լոյսը չծագած, աւլէին Երեւանի փողոցները: Նոյնիսկ ի պաշտօնէ հարցնող չեղաւ, թէ ինչո՞ւ հայ կիներուն պարտադրուեցաւ մարմնավաճառութիւն` թէ՛ երկրին մէջ եւ թէ՛ մահմետականներու երկիրներուն մէջ: Իր ընտանիքին պատիւը պաշտպանող հայ մարդուն առասպելը ջուրը ինկաւ, որովհետեւ լաւերն ալ չըմբոստացան: Չփրկեցին:

«Եղունգ ունիս` գլուխդ քերէ»-ի օրին ինկանք , որովհետեւ Հայաստանի համար հասած նպաստը անյագօրէն լափլիզողներ կային, եւ խեղճացող ժողովուրդին, անոր արժանապատուութեան մասին գործնականապէս մտածող չկար:

Մինչեւ հիմա իրենց ամբողջ կեանքը աշխատած, վաստակած ծերունիներ կը յայտնեն փողոցներու մէջ, թէ իրենց հասած նպաստը երբեք բաւարար չէ, եթէ դուրսէն օգնութիւն չըլլայ: Ոմանք այդ իսկ չունին: Պետական նպաստը ամէնէն շատ երեսուն տոկոսով կ՛աւելնայ. սղաճն ալ հետը կ՛աւելնայ:

Իսկ վարչապետին մանկլաւիկներուն պարգեւավճարը` հարիւր տոկոսով: Եղեր արժանի են: Այլեւս պարգեւավտա՛րի ժամանակն է: Անոնց երկու-երեք անգամ տարիք ունեցողները, ուսուցիչները, մտաւորականները, գիտնականները արժանի չե՞ն արդար հատուցումի: Առաջին օրէն որքա՜ն գիտնականներ լքեցին Հայաստանը:

Եթէ սփիւռքը չըլլար, Հայաստանն ու Արցախը շատո՜նց աւելի խղճալի վիճակի մէջ կ՛ըլլային:

Իշխանաւորները իրենց ապագան ապահոված են: Մէյ մը որ գիտնան, թէ իրենք ալ պիտի ըլլան գեհենի բնակիչ, կա՛մ Ուսամա Պըն Լատենի պէս պարսպապատութիւն պիտի ընեն, կա՛մ ալ դիմակները հոս ձգած` պիտի թռչի՜ն յայտնի եւ անյայտ ուղղութիւններով: Վարի կրակին չեն նայիր անգամ:

Կ՛երկրորդեմ, եւ շատեր` ինծի պէս, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի խոհագրութեան, թէ ՀՅԴ-ի այս ութ օրերու խորհրդակցութեան ընթացքին ծրագրուի սփիւռքը զօրացնելու մասին: Հայ ընտանիքը, հայոց վարժարանները փրկելու մասին: Մեր ճգնաժամէ անցնող գաղութներու մասին: Մեր մշակոյթի գործիչները, խմբագիրները, մամուլը արժանաւորապէս գնահատելու մասին:

Միմիայն հոգեւոր եւ ազգային ղեկավարներու ուսերուն պէտք չէ ձգել այս ծանրագոյն պարտաւորութիւնը: Ունեւորը պէտք է տայ իր կարգ մը հաճոյքներէն զրկուելու գնով` չունեցողին, զրկուածին: Արիւնակիցի՛ն:

Յատկապէս այս օրերուն երբ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս արար աշխարհ նեցուկ կը կանգնի Ուքրանիոյ` իր հողին տէրը մնալու իրաւունքին, նախագահ Փութինին պատիժ-պատիժի ետեւէ կը բարդուի, մինչդեռ մեր ռազմագերիները մէկուկէս տարիէ կը խոշտանգուին. մեր մէջ ընդվզում մը կը յառաջանայ: Մենք լուսնի՞ վրայ կ՛ապրէինք:

Ու կը գիտակցինք, որ մեր անհեռատեսութեան, անփութութեան, նիւթամոլուցքի, հայրենիք ու ժողովուրդ իսկապէս չսիրելու, յամեցող վտանգները չսրբագրելու հետեւանք է մեր պարտութիւնը: Իրարու հանդէպ անարգանք ու ատելութիւն, բրտութիւն բանեցնելու ու հայհոյանք տեղացնելու անվերջանալի տեսարաններ` խորհրդարանին մէջ: Ցոյցերու ընթացքին` ոստիկաններու լպիրշ ու անվայել վերաբերումը, պետական այրերու հեգնանքը կամ անտեսումը` կին լրագրողներու նկատմամբ, արդարութեան ատեաններու մէջ բողոքող զոհերու ձայնը խլացնող կաշառակեր դատաւորներու պատճառով ապականեցանք, անթափանց դարձանք: Բարոյական արժէքները անկիւնը հրուած` թանձր ինքնասիրութեան, դրամապաշտութեան, այլամերժութեան ջահն է, որ շողշողաց:

Ընդդիմադիր կազմակերպութիւնները փոխանակ միանալու` ամէն մէկը իր Կարապետը կ՛երգէ: Բռո՛ւնցքն է զօրաւորը եւ ոչ թէ մատները` առանձին-առանձին: Այս ձեւով հայրենիք ու ժողովուրդ չեն փրկուիր: Չե՞ն տեսներ աւազախրումը:

Երկու տարուան ընթացքին ունեցանք անդառնալի կորուստ` նոր սերունդին, հազարամեայ պատմութեան ու ժառանգին: Ճմլուեցաւ մեր հոգին: Ահասարսուռ ենք, որ նոր ստորագրութիւններ յայտնուին, եւ կրկին ու կրկին լոլոզուի հարուածներու տակ արդէն զգայազրկուած ժողովուրդը:

Կացութիւնը ճգնաժամային է: Ամէ՛ն գնով հարկ է բարեփոխել հայ ժողովուրդի տխուր, մտահոգ հոգեբանութինը: Մե՛նք ալ այլաբանօրէն բանտարկուած ենք, բանանք բոլոր դարպասները, գաղտնի խոռոչները եւ գոռանք` «Ես իմ Երկի՜րս կ՛ուզեմ»: «Ես իմ սփիւռքիս համար պայքարո՛ղ եմ»:

Պէտք է նպատակադրել, վերադառնալ ու պաշտպանել սփիւռքի առողջ դերը: Ամէ՛ն առումով, անիկա հրաշագործ դեր կը կատարէ:

 

 

Նախորդը

Չեռնոպիլի Աղէտը

Յաջորդը

Դաւիթ Գիւրջինեան` Օրինակելի Նախագահը Հայաստանի Լեզուի Կոմիտէի

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.