Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
Չեռնոպիլը ուքրանական հիւլէական կայան է, ուր տեղի ունեցաւ 24 ապրիլ 1986 թուականի աղէտալի միջուկային արկածը: Ելեկտրակայանին մէջ սովորական փորձարկումի ժամանակ ահաւոր սխալ մը գործուեցաւ, եւ երկու ուժեղ պայթումներ ջախջախեցին կայանի բաժանմունքներէն մէկուն 1000 թոն կշռող երդիքը` արձակելով Հիրոշիմայի վրայ նետուած հիւլէական ռումբէն 400 անգամ աւելի շատ ճառագայթում: Պատմութեան մէջ ամենասարսափելի միջուկային աղէտալի այս պայթումներուն պատճառով տեղւոյն զոհուեցան երկու աշխատող, եւ յաջորդող քանի մը ամիսներու ընթացքին առնուազն 28 հոգի մահացան սուր ճառագայթահարման (acute radiation exposure) պատճառով: Ի վերջոյ, որպէս հետեւանք, հազարաւոր մարդիկ սկսան հիւանդութեան ախտանշաններ ցուցաբերել: Շատեր տառապեցան քաղցկեղէ:

Չեռնոպիլի աղէտը ոչ միայն մտավախութիւն արթնցուց միջուկային ներուժի վտանգներուն նկատմամբ, այլ ան նաեւ բացայայտեց խորհրդային պետութեան թափանցիկութեան բացակայութեան մասին` խորհրդային ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան հանդէպ: Աղէտն ու անոր հետեւանքները Խորհրդային Միութեան պարտադրեցին մաքրման միլիառաւոր ծախսեր, յանգեցան ներուժի առաջնային աղբիւրի կորուստի եւ ծանր հարուած հասցուցին ազգային հպարտութեան:
Խորհրդային Միութեան այն ժամանակուան առաջնորդ Միխայիլ Կորպաչով հետագային ըսաւ, որ ինք կը կարծէր, որ Չեռնոպիլի աղէտը նոյնիսկ աւելին էր, քան` իր փերեսթրոյքայի մեկնարկը: Այդ մէկը թերեւս հինգ տարի ետք Խորհրդային Միութեան փլուզման հիմնական պատճառն էր:
Ո՞ւր կը գտնուի Չեռնոպիլը

Չեռնոպիլը կը գտնուի Ուքրանիոյ հիւսիսը` Քիեւէն մօտ 80 մղոն հիւսիս: Փոքր քաղաքը` Փրիփիաթը, կառուցուած է հիւլէական կայանի վայրէն քանի մը մղոն հեռաւորութեան վրայ` աշխատողներն ու անոնց ընտանիքները այնտեղ տեղաւորելու համար:
Չեռնոպիլի հիւլէական կայանի շինարարութիւնը սկսած է 1977 թուականին, երբ երկիրը դեռ Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր: Մինչեւ 1983 թուական չորս հիւլէական կայանի բաժանմունքներ արդէն պատրաստ էին, եւ յաջորդող տարիներուն կը նախատեսուէր եւս երկու բաժանմունքի կառուցում:
Ի՞նչ տեղի ունեցած է Չեռնոպիլի մէջ
Ապրիլ 26-ին, ժամը 1:23-ին սկիզբ առաւ սովորական փորձարկում մը` ստուգելու համար, թէ արդեօ՞ք ջրային զովացուցիչ արկածային համակարգը (emergency water cooling system) բանուկ է հոսանքի անջատման ժամանակ:

Անցնող վայրկեաններու ընթացքին անվերահսկելի միջուկային այս հակազդեցութիւնը ճնշում յառաջացուց թիւ 4 հնոցին մէջ` գոլորշիի տեսքով: Գոլորշին ջախջախեց բաժանումին առաստաղը` արձակելով ճառագայթման գօտիներ (radiation plumes) եւ այրող ճառագայթագործուն (radioactive) բեկորներ:
Մօտ երկու-երեք վայրկեան անց երկրորդ պայթումը ա՛լ աւելի վառելանիւթ կը հասցնէ աղէտին: Հրդեհ մը կը բռնկի թիւ 3 հնոցին տանիքը` այդ մասնաբաժինին մէջ բեկման վտանգ մը ստեղծելով: Հիւլէական կայանի ապահովութեան ինքնագործ համակարգերը, որոնք սովորաբար կ՛աշխատէին նման դէպքերու պարագային, չաշխատեցան, որովհետեւ անոնք անջատուած էին փորձարկումէն առաջ:
Հրշէջները դէպքի վայր հասած են վայրկեաններ անց եւ սկսած են մարել կրակը` առանց սարքաւորումներու կամ ճառագայթումէն պաշտպանուելու նախազգուշական պատրաստութեան: Անոնցմէ շատերը այն 28 մարդոցմէ էին, որոնք մահացան սուր ճառագայթահարման պատճառով:
Հրդեհներու դէմ պայքարին մէջ ականատես հրշէջներու վկայութիւնները ճառագայթումը նկարագրած էին որպէս «մետաղի համ ունեցող» եւ ցաւի զգացում մը` «կարծես գնդասեղներ կամ ասեղներ կը զարնուին իրենց դէմքին», ըստ CBC վաւերագրական «Վկայ» ֆիլմաշարին: Օրեր ետք այդ հրշէջներէն շատերը մահացան:
Յաջորդ օր առաւօտեան ժամը 5-ին էր միայն, որ թիւ 3 հնոցը փակուեցաւ: Մօտ 24 ժամ ետք փակուեցան նաեւ թիւ 1 եւ 2 հնոցները:
Ապրիլի 26-ի կէսօրէն ետք խորհրդային կառավարութիւնը զօրախումբեր ոտքի հանեց հրդեհին դէմ դնելու համար: Ոմանք իջան հնոցին տանիքը, որպէսզի բռնկած եւ ճառագայթագործուն բեկորները արօրներով հեռացնեն եւ ճամբայ հարթեն` ջուր ցօղուելու համար առաստաղը կորսնցուցած հնոցին վրայ` զայն զովացնելու նպատակով:
Աշխատողները այնտեղ գործեցին երկվայրկեաններ միայն, որմէ ետք զիրենք կրկին անգամ վեր քաշեցին` նուազագոյնի հասցնելու համար անոնց ճառագայթի ենթարկման ազդեցութիւնը: Մօտ երկու շաբաթ պէտք եղաւ բոլոր հրդեհները աւազի, կապարի եւ ազոթի միջոցով մարելու համար:
Փրիփիաթը` տարհանուած

Անդին` մօտակայ Փրիփիաթ քաղաքին մէջ կեանքը գրեթէ մէկ օր շարունակուեցաւ իր բնականոն հունով: Բացի փողոցները փրփուրով մաքրող բեռնատարներու տեսարանէն, կը յայտնուէին աղէտի միայն քանի մը նշաններ` քաղաքէն քիլոմեթրեր այն կողմ:
Յաջորդ օրն էր միայն, ապրիլ 27-ին, որ կառավարութիւնը սկսաւ Փրիփիաթի 50.000 բնակիչներու տարհանումը: Բնակիչներուն ըսին, որ անոնք պիտի բացակային ընդամէնը քանի մը օր, ուստի անոնք շատ քիչ բան տարին իրենց հետ: Շատերը սակայն երբեք չվերադարձան իրենց տունը:
Չեռնոպիլի աղէտի ճառագայթումը
Վնասուած հիւլէական կայանը 10 օրուան ընթացքին օդին մէջ արձակած է մեծ քանակութեամբ ճառագայթագործուն նիւթեր, որոնց կարգին էին մանիշ-131 (iodine-131), սեզիոմ-137, փլիւթոնիոմ եւ սթրոնթիոմ-90:
Ճառագայթագործուն գօտին ընդլայնեցաւ մօտակայքը` փոշիի եւ բեկորներու տեսքով, սակայն քամիի միջոցով տարածուեցաւ նաեւ Ուքրանիոյ, Պիելոռուսիոյ, Ռուսիոյ, Սկանտինավիոյ եւ Եւրոպայի այլ մասերու մէջ:
Մայիս 14-ին Խորհրդային Միութեան առաջնորդ Միխայէլ Կորպաչով, փորձելով զսպել ազդեցութիւնը, հրամայեց հարիւր հազարաւոր մարդոց, ներառեալ` հրշէջներու, զինուորականներու եւ հանքափորներու, երթալ վայր` մաքրման աշխատանքներուն օգնութեան հասնելու համար: Ջոկատը անշեղօրէն կ՛աշխատէր, յաճախ` ոչ համապատասխան պաշտպանիչ սարքաւորումով, մինչեւ 1989 թուականի բեկորները մաքրելու եւ աղէտը կասեցնելու համար:
Չեռնոպիլի վիմադամբանը (Chernobyl Sarcophagus)
206 օրուան հապճեպ շինարարութեամբ մը խումբերը պողպատէ եւ շաղախէ վիմադամբան կառուցեցին` հիւլէական կայանի վնասուած հնոցը եւ ճառագայթման հետագայ արձակումները պարփակելու համար:
Յունուար 2017-ին նախկին լուծարային կառավարիչ (liquidator) Եարոսլաւ Մելնիք BBC-ին ըսած է. «Մենք կ՛աշխատէինք երեք հերթափոխութեամբ, բայց ստեղծուած վտանգին պատճառով` իւրաքանչիւրս հինգէն եօթը վայրկեան: Աշխատանքը աւարտելէ ետք մեր հագուստները աղբին մէջ կը թափէինք»:

2010 թուականէն սկսեալ միջազգային ընկերութիւններու համախմբում մը կազմակերպեց աւելի մեծ, աւելի ապահով վիմադամբանի մը կառուցումը: 35.000 թոն կշռող New Safe Confinement-ը սկսած է կառուցուելու դէպի հնոց տանող ճամբաներուն վրայ եւ 2016 թուականի նոյեմբերին հասած է վնասուած հնոց, այնտեղ գոյութիւն ունեցող վիմադամբանի մօտ:
Նոր կառուցուածքի տեղադրումէն ետք, ըստ պաշտօնական տուեալներու, հիւլէական կայանին մօտ ճառագայթումը իջած է նախորդ մակարդակին մինչեւ մէկ տասներորդը: Կառոյցը ձեւաւորուած է այնպէս, որ ան ճառագայթագործուն բեկորները 100 տարի պարփակէ:
Չեռնոպիլի Փիղի ոտքը

Թիւ 4 հնոցին նկուղը ինկած է Չեռնոպիլի փիղի ոտքը` հալած կրամածի (concrete), աւազի եւ մեծապէս ճառագայթագործուն միջուկային վառելանիւթի հսկայական կոյտ մը:
Զանգուածը անուանուած է այդպէս` իր կնճռոտ տեսքին համար: Որոշ դիտորդներ զայն նմանցուցին փիղի ազդրին ու անոր ոտքի կնճռոտ մաշկի բաժինին:
1980-ականներուն Փիղի ոտքը իւրաքանչիւր ժամ կ՛արձակէր մօտ 10.000 ռենտկեն ճառագայթում, որ բաւարար է երկու վայրկեանէն պակաս ժամանակի ընթացքին երեք ոտնաչափ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մարդ մը սպաննելու համար: Մինչեւ 2001 թուական այդ ցուցանիշը իջած էր մօտաւորապէս 800 ռենտկեն` իւրաքանչիւր ժամի:
Քանի՞ մարդ մահացած է Չեռնոպիլի մէջ.
Ուքրանիոյ կառավարութիւնը 1995 թուականին յայտարարեց, որ Չեռնոպիլի ճառագայթման պատճառով մահացած է 125 հազար մարդ: Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Չեռնոպիլի ֆորումի 2005 թուականի զեկոյցը կը գնահատէր, որ թէեւ արկածին յաջորդող ամիսներու ընթացքին 50-էն քիչ մարդ զոհուած է, մինչեւ 9000 մարդ, ի վերջոյ, կրնայ մահանալ քաղցկեղի պատճառով, եւ այդ մէկը կապ ունի Չեռնոպիլի ճառագայթումներու ազդեցութեան հետ:
2005 թուականի դրութեամբ, ըստ Մտահոգուած գիտնականներու միութեան, վահանաձեւ գեղձի քաղցկեղի մօտ 6000 դէպք եւ անոր մահացութեան 15 դէպք վերագրուած է Չեռնոպիլին:
Չեռնոպիլի աղէտին հետեւանքները մարդու առողջութեան վրայ տակաւին յստակ չեն` բացի սկզբնական այն 30 մարդոց պարագայէն, որոնց մասին խորհրդային կառավարութիւնը հաստատեց, որ զոհուած են պայթումներէն եւ սուր ճառագայթահարումէն: Պայթումէն ետք աշխատողներու, լուծարողներու եւ մօտակայ բնակչութեան վրայ աղէտի ազդեցութիւնը գնահատելու կառավարութեան ոչ մէկ պաշտօնական ուսումնասիրութիւն տեղի ունեցած է:
2011 թուականին Միացեալ Նահանգներու Առողջապահութեան ազգային հիմնարկին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնը եզրակացուց, որ Չեռնոպիլէն արձակուող ճառագայթագործուն մանիշ-131-ի ազդեցութիւնը շրջանին մէջ հաւանաբար մեծ ազդեցութիւն ունի վահանաձեւ գեղձի քաղցկեղ յառաջացնելու մէջ կամ նոյնիսկ պատճառն է անոր:
Չեռնոպիլի բացառման գօտի
Չեռնոպիլի արկածը, բացի մարդկային զոհերէն, անկենդան ձգեց ճառագայթահարուած հողերու հսկայական տարածք:
Հիւլէական կայանի շրջակայքին մէջ, 770 մղոն տարածութեամբ, Չեռնոպիլի բացառման գօտին վտանգաւոր է մարդկային բնակութեան համար եւ կարելի չէ օգտագործել զայն անտառահատումներու կամ գիւղատնտեսութեան համար` բոյսերուն եւ հողերուն ճառագայթահարուած ըլլալուն պատճառով: Սակայն 2017 թուականին ձեռնարկատէրերը տարածքի նոր օգտագործում գտան:
Դեկտեմբեր 2017-ին ուքրանական-գերմանական Solar Chernobyl ընկերութիւնը յայտարարեց լքուած տարածքին մէջ հսկայական արեւային ելեկտրակայանի մը կառուցման իր ծրագրին մասին: Մէկ մեկաուաթ հզօրութեամբ ելեկտրակայանը կը գտնուի վնասուած թիւ 4 հնոցէն հարիւր ոտնաչափ հեռաւորութեան վրայ: Ուքրանիոյ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ խումբ մը ընկերութիւններ կը նախատեսեն վայրին մէջ աւելցնել արեւային ներուժը 99 մեկաուաթ աւելիով:
Այդ մէկը բաւական մեծ ներուժ է, սակայն տակաւին մօտ չէ ջախջախուած հիւլէական կայանի նախկին արդիւնքին: Արկածի պահուն Չեռնոպիլի չորս հնոցներէն իւրաքանչիւրը կրնար արտադրել 1000 մեկաուաթէն աւելի:
Չեռնոպիլի կենդանաբանական աշխարհը կը բարգաւաճի
Ըստ 2016 թուականի ապրիլեան ուսումնասիրութեան, միեւնոյն ժամանակ, վայրի բնութիւնը, ներառեալ` վարազները, գայլերը, կուղբերը եւ եզերը Չեռնոպիլի տարածքին մէջ բարգաւաճման նշաններ ցոյց տուած են:
Հետազօտողները նշած են, որ թէեւ ճառագայթման ազդեցութիւնը չի կրնար օգտակար ըլլալ կենդանիներուն համար, սակայն մարդոց բացակայութեան օգուտները կը գերազանցեն ճառագայթման վտանգը:
Չեռնոպիլը այսօր
Միւս կողմէ` մարդոցմէ չ՛ակնկալուիր, որ անոնք շուտով վերաբնակեցնեն տարածքը: Ուքրանիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ մարդոց համար վտանգաւոր է ապրիլ Չեռնոպիլի բացառման գօտիին մէջ աւելի քան 24.000 տարի:
Աղբիւր` History.com


