Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Եւ Ուքրանիան Փոխզիջումի Կը Դիմեն, Նախագահները Վերջնական Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրեն» Կ՛ըսէ Փոտոլիաք

March 14, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակի ղեկավարի խորհրդական Միխայլօ Փոտոլիաք ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւններու 4-րդ փուլէն առաջ մասնակիցները հիմնական հարցերու քննարկումէն ետք կ՛աշխատին անոնց իրաւաբանական ձեւակերպման վրայ:

Ըստ անոր, բանակցութիւններուն 4-րդ փուլը տեղի պիտի ունենայ միացեալ իրաւաբանական ձեւաչափերու մշակումէն անմիջապէս ետք:

«Ատիկա կրնայ ըլլալ վաղը, իսկ եթէ վաղը չէ միւս օր: Պարզապէս հանդիպելու եւ զրուցելու կարիք, հաւանաբար, արդէն չկայ: Մենք քննարկած ենք բոլոր հարցերը, այդ հարցերը այժմ կը փորձենք իրաւաբանական որոշակի ձեւաչափի մէջ տեղաւորել», ըսած է Փոտոլիաք:

Ուքրանական կողմը, օրինակ, կը պնդէ մեքանիզմներու նախնական ամփոփիչ ցանկին մէջ ներառեալ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ աւերներու առնչուած փոխհատուցումը: «Պէտք է փոխհատուցման յստակ մեքանիզմներ նշուին` ինչի՞ եւ որո՞ւ պիւտճէին հաշուոյն այդ ամէնը պէտք է վերականգնուի», նշած է ան:

Փոտոլիաք չէ բացառած, որ այդ փաստաթուղթին ստորագրման ժամանակ երրորդ երկիրներու մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը ըլլայ, երկիրներ, որոնք արդէն իսկ «ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով» մասնակից են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան մէջ: «Այն երկիրները, որոնք Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ հետ պիտի գտնեն հաշտութեան եզրերը, արդէն իսկ 100 առ հարիւր մասնակից են խնդիրին: Այնտեղ անոնց որեւէ ձեւի լրացուցիչ մասնակցութեան, բան մը պատմելու անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ: Անոնք որեւէ պահու կրնան նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ եւ անմիջապէս միանալ վերջնական աշխատանքին` նախնական ամփոփիչ փաստաթուղթի ստորագրութեան: Այստեղ խնդիր չեմ տեսներ», ընդգծած է Փոտոլիաք:

Վերջնական փաստաթուղթը (հաւանաբար Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ հաշտութեան համաձայնագիր), Փոտոլիաքի կարծիքով, պիտի ստորագրեն երկու երկիրներուն նախագահները:

«Ուքրանիոյ նախագահը կը պնդէ կատարել Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներու երկկողմանի բանակցութիւններ, որոնց ընթացքին անոնք պիտի կարենան վերջնական համաձայնութիւն ձեռք բերել փոխադարձ որոշակի փոխզիջումներու վերաբերեալ, սակայն Ուքրանիոյ շահերուն տեսանկիւնէն, որովհետեւ Ուքրանիան առաւել վնասած երկիրն է: Ստորագրութիւնները, ինչպէս կը հասկնամ, նոյնինքն Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահները պիտի կատարեն», ենթադրած է բանակցողը:

Տումայի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ պատուիրակութեան անդամ Լէոնիտ Սլուցքի իր կարգին «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց, որ Ուքրանիոյ հետ երկխօսութեան մէջ յառաջընթացը կրնայ կողմերու միասնական դիրքորոշման եւ փաստաթուղթերու ստորագրութեան յանգեցնել: «Իմ անձնական ակնկալիքներովս, այդ հոլովոյթը կրնայ յառաջիկայ օրերուն երկու պատուիրակութիւններու միասնական դիրքորոշման եւ փաստաթուղթերու ստորագրման վերածուիլ», յայտարարեց ան:

Սլուցքի ընդգծեց, որ ռուսական եւ ուքրանական կողմերու դիրքորոշումներուն մէջ բանակցութիւններու սկիզբին եւ այսօրուան միջեւ համեմատելով կարելի է էական յառաջընթաց նկատել:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով շաբաթ օր ռուսական պատկերասփիւռի Առաջին ալիքէն յայտարարեց, որ Ռուսիան Միացեալ Նահանգները նախազգուշացուցած է Ուքրանիոյ զէնք եւ սպառազինութիւն մատակարարելու հետեւանքներէն: Անոր համաձայն, օտարերկրեայ զէնքի շարասիւները, որոնք «անխոհեմօրէն կը մատակարարուին Ուքրանիոյ», ռուս զինուորներուն համար պիտի դառնան օրինական թիրախներ:

Ան յայտնած է, որ Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ անվտանգութեան հարցերով երկխօսութեան վերսկսման, եթէ Միացեալ Նահանգներ ատոր պատրաստ են: Ըստ Ռիապքովի, Մոսկուան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ աշխատելու Ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու կրճատման մասին համաձայնագիրին շուրջ:

Անդրադառնալով Եւրատլանտեան շրջանի անվտանգութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ առաջարկներուն, որոնք անցեալ տարուան հոկտեմբերին հրապարակուած էին, Ռիապքով նշած է, որ հազիւ թէ անոնք ամբողջովին ուժի մէջ կը մնան, որովհետեւ եւրոպական անվտանգութեան առնչուած իրավիճակը արմատապէս փոխուած է: Ան ռազմավարական սխալ կոչած է Ռուսիոյ հետ անվտանգութեան շուրջ բանակցութիւններու օրակարգը փոխելու` Ուաշինկթընի փորձերը:

Դիւանագէտին համաձայն, Ռուսիոյ կողմէ ռազմավարական կայունութեան նիւթով միակողմանի զիջումներ պիտի չըլլան:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն Մոսկուայի հակադարձ քայլերուն` Ռիապքով յայտնած է, որ Արեւմուտքի դէմ անհատական պատժամիջոցներու ցուցակները պատրաստ են:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին շաբաթ օր յայտարարեց, որ Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ յարաբերութիւնները հասած են զերօ կէտին, եւ Մոսկուա այժմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն պատասխան քայլերը կը քննարկէ: «Մոսկուան պատրաստ է, անհրաժեշտութեան պարագային, ուժանիւթի ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ բուռն ճակատումի», յայտարարեց նախարարութիւնը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դէմ չէ իր ուքրանացի պաշտօնակից Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպելու: Անոր համաձայն, Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին (6 մարտին, «Ա.») յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին:

«Մենք քայլերու կը ձեռնարկենք, (Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ) ղեկավարներու հանդիպումը կազմակերպելու համար: Պատերազմէն առաջ իսկ կը փորձէինք ատիկա ընել: Փութին մեր նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին յայտարարած է, որ սկզբունքօրէն դէմ չէ նման հանդիպման… Ուքրանական կողմը պատրաստ է: Պիելոռուսիոյ մէջ կողմերուն միջեւ թեքնիք բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Միւս կողմէ, նաեւ այլ ալիքներով կը գործադրուին ջանքեր, որոնց մենք եւս կ՛աջակցինք», ըսաւ Չաւուշօղլու:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ Անգարան Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ որոշ հարցերու մէջ դիրքորոշումներու համընկնում կը նկատէ: «Որոշ հարցերու մէջ փոխըմբռնում կայ, ինչի մասին կը խօսէր Ռուսիոյ ղեկավարը: Մենք եւս ատիկա կը նկատենք: Սակայն նախ եւ առաջ պէտք է հասնիլ զինադադարի հաստատման», նշեց Չաւուշօղլու:

Միւս կողմէ, ռուսական ուժերը երէկ կանուխ առաւօտուն հրթիռային հարուածներ հասցուցին Լվովի մարզին մէջ` Լեհաստանի հետ սահմանին մօտ գտնուող ռազմակայանին: Լվովի մարզային զինուորական ղեկավարութիւնը յայտարարեց, որ Եաւրովի Խաղաղութեան եւ անվտանգութեան միջազգային կեդրոնի տարածքին վրայ արձակուած է շուրջ 30 հրթիռ: Արձանագրուած է 35 զոհ, իսկ 134 ուրիշներ վիրաւորուած են:

Ռազմակայանը 360 քառակուսի քիլոմեթր տարածք ունի եւ Լեհաստանի սահմանէն շուրջ 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է: Անիկա Ուքրանիոյ արեւմուտքին մէջ մեծագոյն ռազմակայանն է եւ Ուքրանիան այնտեղ կը կատարէ ՕԹԱՆ-ի հետ ռազմափորձերուն մեծ մասը:

Լվովի մարզային ռազմական վարչակազմի ղեկավար Մաքսիմ Քոզիցքինի յայտնեց, որ ըստ նախնական տուեալներուն, հրթիռները արձակուած են Ռուսիոյ տարածքէն:

Ռուսական օդուժը իր կարգին օդային հարուածներ հասցուցած է Ուքրանիոյ արեւմուտքը գտնուող Իվանօ-Ֆրանքովսքի օդակայանին:

Փենթակոնի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Լվովի շրջանին մէջ ռմբակոծման ենթարկուած ռազմակայանին մէջ ամերիկացի զինուորներ չկան, եւ ամերիկացի զինուորները շաբաթներ առաջ հեռացած են մարզումի այդ դիրքէն: «Յստակ է, որ ռուսական կողմը կ՛ընդլայնէ իր թիրախներուն շրջանակը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Փենթակոնը Ուքրանիոյ մէջ քիմիական կամ կենսաբանական յարձակումի գործադրման վերաբերեալ հաստատ ցուցանիշներ չի տեսներ:

Քըրպի նկատել տուաւ. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ մէջ պիտի չկռուին, որովհետեւ ատիկա երկու հիւլէական ուժերուն միջեւ մագլցումի պիտի յանգեցնէ»:

«Պիտի շարունակենք Ուքրանիոյ օգտակար եւ ազդու զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Իրան Հրթիռակոծեց Էրպիլի Մէջ «Սիոնական Սադրանքներու Ռազմավարական Կեդրոն Մը»

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգային Հարցեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.