Կիրակի, 13 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին Վահագն Խաչատուրեանը երդումով ստանձնեց Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Հայաստանի Հանրապետութեան 5-րդ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի երդման համար Ազգային ժողովի յատուկ նիստը տեղի ունեցած է Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ: Նիստը կը վարէր Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւնները կատարող Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան:
Ազգային ժողովի յատուկ նիստին Վահագն Խաչատուրեանը, ձեռքը դնելով Վեհամօր Աւետարանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան վրայ, երդումը կատարեց:
Երդմնակալութենէն ետք հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը հայրապետական օրհնութեան խօսք արտասանեց:
Արարողութեան կը մասնակցէին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, նախագահի լիազօրութիւնները մինչեւ այդ թուականը կատարող Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը, նախարարներ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, այլ պաշտօնատար անձեր: Ընդդիմադիր խմբակցութիւններու պատգամաւորները չէին մասնակցած յատուկ նիստին:
Նախագահի պաշտօնին Խաչատուրեանի թեկնածութիւնը առաջադրած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը: Հայաստանի Ազգային ժողովը Վահագն Խաչատուրեանը հանրապետութեան նախագահ ընտրած էր 3 մարտի նիստին: Վահագն Խաչատուրեանը Հանրապետութեան նախագահ ընտրուած է 7 տարուան ժամկէտով:
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը
Հայաստանի Հանրապետութեան Վահագն Խաչատուրեանի երդմնակալութեան առիթով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը շնորհաւորական հետեւեալ նամակը յղեց նորընտիր նախագահին.
«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ, եւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեր ընտրութիւնը` իբրեւ նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Համաշխարհային բազմազան ու այլազան տագնապներով յղի այս օրերուն, մեր հայրենիքը իր կարգին կը դիմագրաւէ ներքին խոր մտահոգութիւններ, եւ ենթակայ է շրջանային թէ միջազգային աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու ազդեցութեան: Արցախի պատերազմին յառաջացուցած ծանր հետեւանքները տակաւին կը մնան անլոյծ ու Արցախի ապագան անորոշ:
Արդարեւ, ներկայ ճգնաժամային շրջանին ձեր պատասխանատուութիւնը` իբրեւ նախագահ, ձեզ կը դնէ լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Մեր յոյսն է ու սպասումը միանգամայն, որ կարենաք խոհեմութեամբ ու քաջութեամբ դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները` մեր հայրենիքը հեռու պահելով ներքին բեւեռացումներէ, ամրապնդելով մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը, ամուր հիմերու վրայ դնելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնն ու անկախութիւնը եւ միշտ հետապնդելով համազգային շահերը, ինչպէս խոստացաք կատարել այս առաւօտ ձեր երդման արարողութեան ընթացքին:
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ անձնապէս կը վստահեցնենք ձեզ, որ մեր սուրբ աթոռը պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի պետութեան ամրացման, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել ծաւալման, եւ մեր ազգի ու հայրենիքի գերագոյն եւ ընդհանրական շահերու հետապնդման ու իղձերու իրագործման նպաստող ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն:
Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ ձեզի շնորհէ քաջառողջութիւն եւ իմաստութիւն, որպէսզի ձեր նախագահութեան ներքեւ մեր հայրենիքը ապրի խաղաղ ու բարգաւաճ տարիներ: Թող Աստուած պահէ ու պահպանէ մեր սիրելի ժողովուրդը ամէն տեսակ չարէ ու չարիքէ` ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի»:


