Ա. Ա.
Լիբանանը վիրաւոր չէ: Մահամերձ է:
Իսկ մենք առասպելներու եւ հեքիաթներու դարը չենք ապրիր, որպէսզի հաւատանք, թէ փիւնիկեան թռչունը մոխիրներէն պիտի յառնի: Մեր դարուն նման բանի հաւատալու համար կարիքը կայ բազմաթիւ գործօններու եւ ազդակներու, որոնց ամբողջութիւնն է, որ միայն կրնայ փրկել Լիբանանը մահուան ճիրաններէն:
Առասպելները ձգենք գիրքերու էջերուն մէջ եւ փորձենք լուսանկարներու շարքով մը պատմել Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն առօրեայ տառապանքներուն մասին: Լուսանկարները բնականաբար բնաւ ամբողջական պատկերը պիտի չտան այն ահաւոր եւ հակասութիւններով լեցուն իրավիճակին, որ տիրական է այնքան մը, որ լիբանանցիները գլորած է յուսահատութեան վիհը: Սակայն անոնք այնքան խօսուն եւ խորհրդանշական են, որ անոնց միջոցով կարելի է որոշ գաղափար մը տալ լիբանանցիներուն առօրեային մասին:
… Իրականութիւնը ծածկելու եւ այնպէս մը ձեւացնելու, թէ իսկապէս լուրջ ճիգ կը թափուի կացութիւնը փրկելու, տագնապները լուծելու եւ երկիրը իր ահաւոր վիճակէն դուրս բերելու համար, յար եւ նման է Մար Մըխայէլի մայր գիծին վրայ, ելեկտրականութեան ընկերութեան շէնքին դիմաց գտնուող այս խանութին ցուցափեղկին մէջ «բանտարկուած» երկու մանըքեններու ծածկին: Մերկութիւնը ծածկելու փորձ մը չէ անշուշտ ասիկա: Յստակ է, որ մանըքենները փոշիէն պաշտպանելու համար է, որ նայլընէ տոպրակներով ծածկած են: Սակայն` ահա ձեզի հիանալի պատկեր մը, որ հարազատօրէն կը ցոլացնէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն կացութիւնը: Ծածկել, ձեւացնել, քողարկել: Բայց մերկը մերկ է, տագնապները մեզ կլանած են, խնդիրները լուծումներու կը սպասեն: Որքան ալ ծածկուի իրականութիւնը, խայտառակ վիճակը յստակօրէն կ՛երեւի: Ճի՛շդ ու ճիշդ այս մանըքեններուն նման:
… Աղբ: Ամէնուրեք: Ոչ մէկ թաղ, արուարձան, գիւղ, քաղաք, անմասն է աղբէն, որ կը կուտակուի, օրեր շարունակ կը մնայ արեւուն տակ, ապա անձրեւին ջուրը վրայ կը հասնի, ճահիճներ կը ստեղծէ: Քաղաքապետութիւնները իրենց միջոցներով կը փորձեն գտնել լուծումներ, որոնք կէսկատար են, որովհետեւ այս անտանելի իրավիճակին պատասխանատուն միայն քաղաքապետութիւնները
եւ գրեթէ գոյութիւն չունեցող աղբահաւաք ընկերութիւնները չեն: Այս պարագային, քաղաքացիներն ալ յանցանքի իրենց մեծ բաժինը ունին: Եթէ աղբ չթափեն փողոցները, ճամբաները մաքուր կը մնան: Քաղաքապետարաններուն համապատասխան սպասարկութիւններն ալ եթէ ճիշդ ձեւով եւ կանոնաւոր ժամանակացոյցի մը հիմամբ հաւաքեն աղբերը, կացութիւնը թերեւս կրնայ քիչ մը բարեփոխուիլ:
Բայց կայ խնդիր մը: Ամէն տեղ աղբը կը թափուի: Անկիւններ, վաճառատուներու դիմաց, խաչմերուկներու վրայ, ճամբաներու եզրին: Ապա գործի կը լծուին աղբերէն իրենց օրապահիկը շահող թշուառները: Երկաթ, պողպատ, պղինձ, խաւաքարտ, ալիւմինում, փայտ, քաուչուկ, թիթեղ, ապակեայ եւ կերպընկալէ շիշեր եւ այն ամէն ինչը, որ կարելի է վաճառել վերամշակմամբ զբաղող քանի մը գործարաններու, կը հաւաքուին: Տոպրակները կը պատռեն, ամբողջ աղբը կը թափեն գետինը, կ՛առնեն` ինչ որ պէտք է իրենց եւ կը հեռանան: Ոչ ոք արգելք կը հանդիսանայ այս աղբի փերեզակներուն: Ամէն ոք կքած է իր հարցերուն եւ խնդիրներուն տակ: Ժամանակ եւ տրամադրութիւն չունի աղբերը ցիրուցան տարածող տղեկներուն ըսելու, որ կարելի չէ այսպէս ընել:
… Պատկերներուն մէջ կայ նաեւ խրախուսիչը: Ահա այս հայորդին, որ ամէն օր իր վաճառատան դիմաց կ՛աւլէ, աղբքաշով կը հաւաքէ աղբը, կը լեցնէ տոպրակին մէջ: Բայց փակ օղակն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ, որովհետեւ աղբահաւաքը չհասած` աղբերէն իրենց օրապահիկը շահող թշուառները պիտի յարձակին:
… Բնական պայմաններու եւ օրէնք ու կանոն պարտադրող համակարգ ունեցող երկրի մը մէջ այս տեսարանը զարհուրանք կրնայ պատճառել: Խալիլ Պատաուիի երկաթէ կամուրջին մօտերը այս երիտասարդը իր հրանիւով կը փոխադրէ չորս աշակերտներ: Քիչ մը անդին կանգնած էր ճանապարհային ոստիկանը, որ սակայն բջիջային հեռաձայնով զբաղած էր: Արդէն նոյնիսկ եթէ տեսնէր, ոչինչ պիտի ընէր, որովհետեւ անհետացած են օրէնքն ու կանոնը պարտադրելու տրամադրութիւնն ու ճիգը: Ոստիկանին ամսականը մէկ միլիոն ութ հարիւր հազար լիբանանեան թղթոսկի է, շուրջ` իննսուն տոլար: Իսկ վճարումներուն եւ ծախսերուն մասին չխօսիլը աւելի լաւ է, որովհետեւ կարելի չէ նկարագրել թէ՛ սղութիւնը, թէ՛ ամսական անխուսափելի ծախսերը: Միայն յիշեցնեմ, որ ելեկտրական շարժակներուն ամսական վարձքը, որ քաղաքացին պէտք է վճարէ, որպէսզի օրական տասնչորս ժամ ելեկտրականութեան հոսանք ունենայ, մէկ միլիոն ինը հարիւր հազար է` իւրաքանչիւր հինգ ամփերի համար: Ա՛լ կրնաք երեւակայել: Այս ոստիկանը եւ քաղաքացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մխրճուած են այնպիսի ահաւոր տագնապի մը մէջ, որ վերածուած են անտարբերներու: Այս հոգեվիճակն է, որ ամէնէն վտանգաւորն է:
… Մինչ մարդիկ անօթութեան դռները կը թակեն, ուրիշներ, որոնց թիւը բնաւ արհամարհելի չէ, կը ճաշեն ճաշարաններու մէջ, սրճարաններու եւ գինետուներու մէջ կը հանգստանան եւ կը զբօսնուն: Այս պարագային ալ մեծ մասը անտարբեր է եւ բնաւ հետաքրքրուած չէ, թէ ո՞վ ինչպէ՛ս կ՛ապրի: Ի վերջոյ, ձեւով մը եկամուտ ունի եւ կեանքը կը շարունակէ: Իր ինչ հոգը, որ ահա այս աղջնակին նման երեխաներ կրնան անօթի ըլլալ: Անմիջապէս աւելցնեմ, որ աղջնակը, որ առնուազն տասը վայրկեան սպասեց, որ մէկը դրամ տայ, սուրիացի գաղթական է: Գիտեմ նաեւ, որ շա՜տ շատեր մուրացկանութիւնը գործի վերածած են: Բայց նաեւ վստահօրէն կրնամ հաստատել, որ գիշերները կէս անօթի անկողին մտնող երեխաներու թիւը բնաւ արհամարհելի չէ: Այս իրավիճակէն դուրս գալու համար միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կատարած աշխատանքը բնաւ բաւարար չէ, հակառակ անոր որ անոնք իսկապէս շնորհակալ աշխատանք կը կատարեն: Խնդիրը այն է, թէ չքաւորութիւնը այնքա՛ն տարածուած է, որ պարզապէս կարելի չէ հասնիլ բոլորին, մանաւանդ երբ բախտախնդիրներ եւ պատեհապաշտներ յաճախ կը խլեն չքաւորին տրուելիք օժանդակութիւնը` միութիւններն ու կազմակերպութիւնները խաբելով:
… Յոյսն է, որ մարդը ոտքի կը պահէ եւ անոր կու տայ գոյատեւելու ուժը: Ամանոսի կողքի թաղերէն մէկուն մէջ պատին վրայ գծուած ծաղկուն ճիւղերը, որոնք կու տան սղոցուած կոճղին շարունակութիւնը ըլլալու խաբկանքը, իրենց յոյսը չկորսնցնելու լիբանանցիներուն տրամադրութեան լաւագոյն պատկերն է: Սակայն խաբկանքը կապ չունի իրականութեան հետ, ոչ ալ կրնայ հարցերուն եւ խնդիրներուն լուծումներ բերել: Հարցը այն է, որ սղոցուած կոճղը վերածաղկած տեսնելու մարդոց փափաքին մասին մտածող իսկ չկայ: Երբ ամբողջ երկիրը մահամերձ է, անյոյս ճիգեր կը թափուին «հիւանդին կեանքը քանի մը օրով երկարաձգելու» տրամաբանութեամբ: Ուրիշ ոչինչ:
Իրավիճակը գորշ ամպերով պարուրուած է: Բարելաւման յոյս, ճիգ, աշխատանք եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կայ եւ չկայ: Տիրական է զիրար մեղադրելու շատ ծիծաղելի հոլովոյթ մը, մինչ բոլորիս աչքերուն առջեւ խաւաքարտէ դղեակի մը նման Լիբանանը փուլ կու գայ: Լիբանանեան դրօշին այս լուսանկարն ալ շատ խորհրդանշական է: Պետութեան խորհրդանիշը իսկապէս բանտարկուած է ճաղերու ետին: Ճաղեր` անհոգութեան, անտարբերութեան, փտածութեան, աւազակութեան, ապիկար ղեկավարման եւ քաղաքացիական կրթութենէ զուրկ քաղաքացիներու: Կարելի պիտի ըլլա՞յ փրկել երկիրը: Հրաշքի համազօր հարցում մըն է: Սակայն մենք հրաշքներու, առասպելներու եւ հեքիաթներու դարուն մէջ չենք ապրիր:



