Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտին, Հայաստանի կռփամարտի 22 տարեկանէն վար հաւաքականը մեկնեցաւ Խրուաթիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Եւրոպայի կռփամարտի 22 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս ախոյեանութեան Հայաստան պիտի ունենայ 15 ներկայացուցիչ (3 աղջիկ եւ 12 տղաք):
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սամուէլ Գասպարեան:


