Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան պիտի բացակայի Ա. Էս. Ռոմայի կատարելիք յաջորդ մրցումէն, այսպիսի որոշում մը տուաւ ակումբի փորթուգալցի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ:
Ան ըսաւ, որ Մխիթարեան կիրակի, 13 մարտին, Ուտինեզէի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն պիտի բացակայի` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւն տալու:
Նշենք, որ նախանցեալ օր նետերլանտեան Վիթես Առնհեմի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Քոնֆըրընս Լիկ»), Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, մրցումին վերջաւորութենէն առաջ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:


