Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճարտարարուեստի Նախարարութիւնը Կ’արգիլէ Լիբանան Արտադրուած Սննդեղէնի Որոշ Համեմատութեան Արտածումը

March 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան յայտնեց, որ նախարարութեան տուած այն որոշումը, որ կ’արգիլէ արտածել Լիբանանի մէջ արտադրուող սննդեղէնը` բացի եթէ նախարարէն արտօնութիւն ստացած է, կը միտի երկրին համար ռազմավարական պահեստ մը ապահովել` սննդեղէնի անվտանգութեան քաղաքականութեան խորագիրին ներքեւ:

Ճ. Պուչիքեան շեշտեց սննդեղէնի անվտանգութեան քաղաքականութեան նախանձախնդիր մնալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդին սննդեղէնի անհրաժեշտ եւ տարրական կարիքները հոգալ:

Նախարար Պուչիքեան յայտնեց, որ համաշխարհային տագնապները կրնան երկարատեւ ըլլալ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ պատկերացնել այդ տագնապին աւարտը եւ ոչ ալ անոր պատճառելիք վնասներն ու ունենալիք հետեւանքները երկիրներուն եւ հասարակութիւններուն վրայ:

«Հետեւաբար ճարտարարուեստի նախարարութեան այս որոշումը կը միտի չարաշահումը կասեցնել եւ ոչ թէ արտածումը սահմանափակել կամ առեւտուրի ազատութիւնը կաշկանդել: Ընդհակառակն` մենք սննդեղէնէն բացի այլ արտադրութիւններու արտածումը կը քաջալերենք եւ կը զօրակցինք անոր, մինչեւ որ կարելի ըլլայ բոլոր արտադրութիւնները արտածել», շեշտեց Ճ. Պուչիքեան:

Այս որոշումին մասին, նախարար Պուչիքեան տեղեակ պահեց Մաքսատան գերագոյն խորհուրդը:

Նշենք նաեւ, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը հրապարակեց սննդեղէնի վերաբերող անուանացանկ մը, որուն մասին աւելի ուշ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ ան կը բովանդակէ որոշ բացառութիւններ` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան սննդեղէնը ամէնէն աւելի արտածուող արտադրութիւններէն է:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նախարարութեան եւ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան միջեւ տեղի պիտի ունենայ ժողով մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին վերոնշեալ որոշումը գործադրելու միջոցներն ու լաւագոյն գործիքակազմը, որպէսզի այդ որոշումը լիբանանեան շուկային եւ ճարտարարուեստի սեփականատէրերուն վրայ իր հետեւանքները չունենայ:

 

 

 

Նախորդը

Սալամ. «Հնդկաստան, Արժանթին Եւ Միացեալ Նահանգներ Ապահոված Են, Որ Կրնան Օժանդակել Լիբանանին` Անոր Ցորեն Տրամադրելով»

Յաջորդը

Պըրրի Երկուշաբթի Օր Մամլոյ Ասուլիսի Մը Հրաւիրած Է, Իսկ Նախագահ Աուն Ընդունեց Տեղեկատուութեան Նախարար Զիատ Մքերին

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.