Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Մեկասենթըրի Դրութիւնը Մերժող Կողմերը Չեն Փափաքիր, Որ Քուէարկութեան Մեծ Համեմատութիւն Արձանագրուի»

March 10, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը գումարեց իր ընթացիկ առցանց նիստը` համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի նախագահութեամբ:

Համախմբումին նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապը իր հետեւանքները կ՛ունենայ Լիբանանի եւ աշխարհին վրայ, յատկապէս վառելանիւթի սակերուն արձանագրած համաշխարհային բարձրացումին, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն ներածուող հիմնական աղբիւրներու չգոյութեան առումով:

Համախմբումը շեշտեց տագնապները դիւանագիտական եւ խաղաղ կերպով լուծելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է այս տագնապին անաչառութեամբ մօտենայ եւ ոչ թէ կողմնակալութեամբ վարուի:

Համախմբումը ընդգծեց, որ Լիբանանը պէտք է զերծ կացուցել Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապէն:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ համախմբումը կառչած կը մնայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքը յստակ է իր այն կէտին մէջ, որ պէտք է առիթ տալ լիբանանցի քուէարկողին իր բնակած շրջանին մէջ քուէարկելու` անոր համար ստեղծուելիք մեկասենթըրի մը մէջ:

Համախմբումը կը հաստատէ, որ մեկասենթըրի դրութիւնը վիժեցնելը պիտի բարդուի արտերկրի լիբանանցիները ներկայացնող 6 յաւելեալ երեսփոխաններուն ընտրութիւնը վիժեցնելու, ինչպէս նաեւ «մագնիսային ընտրաքարտ»-ի դրութիւնը ջրելու քայլերուն վրայ:

Համախմբումը ընդգծեց, որ մեկասենթըրի դրութիւնը օրէնքի կարիք չունի, այլ` նշուած է ընտրական օրէնքի 85-րդ յօդուածին մէջ եւ կը լիազօրէ ներքին գործոց նախարարը` ճշդելու անոր վայրերը` երեսփոխանական ընտրութիւններէն 20 օր առաջ:

Համախմբումին հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, թէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին նուազ քան 10 մեկասենթըրի կառուցումը սահմանափակ ծախս եւ քանի մը շաբթուան գումակային աշխատանք կ՛ենթադրէ:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ մեկասենթըրը լիբանանցիներուն կը խնայէ հսկայական փոխադրածախսեր եւ առիթ կու տայ անոնց, որ անոնք ազատ ու մեծ թիւերով քուէարկեն: «Մեկասենթըրի դրութիւնը մերժող կողմերը չեն փափաքիր, որ քուէարկութեան մեծ համեմատութիւն արձանագրուի, եւ կը վախնան քուէարկողին տրուելիք ազատութենէն», կը նշէ Հզօր Լիբանան համախմբումին հաղորդագրութիւնը:

Միւս կողմէ, համախմբումը հաստատեց, որ ելեւմտական ապաքինումի ծրագիրն է հիմնականը` տագնապէն դուրս գալու համար:

Ան հաստատեց, որ պէտք է արագացնել այդ ծրագիրը եւ անոր շուրջ բանակցիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ` պետական ամավարկի քննարկումին զուգահեռ:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց նաեւ, որ 2022-ի պետական ամավարկի քննարկումը արագացուի, եւ պէտք եղած բարեկարգումները կատարուին, առանց տուրքերու յաւելում որդեգրելու, որովհետեւ լիբանանցի քաղաքացին ոչ մէկ յաւելեալ տուրք վճարելու ի վիճակի է:

Համախմբումը կառավարութենէն պահանջեց իր պարտականութիւնները կատարել Կեդրոնական դրամատան հետ` տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքը նոյնացնելու նպատակով:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Վաւերացուցին Ուսանողի Տոլարի Օրինագիծը

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Հաղորդակցութեան Միջոցներու Եւ Պէյրութի Նաւահանգիստին Վերաբերող Նիստերու Եւ Դրուատեց Ապահովութեան Ուժերը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.