Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ նախագահեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Թլէյլի պայթումին վերաբերող օրինագիծ մը:
Օրինագիծին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու յստակացման շրջագիծին մէջ կազմուեցաւ յանձնախումբ մը եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ Աքքարի բնակիչներուն հատուցման իմաստով որոշումներ տալ` նկատի ունենալով անոնց կրած հսկայ կորուստը:
Միացեալ յանձնախումբերը միաձայնութեամբ վաւերացուցին նաեւ ուսանողի տոլարի օրինագիծը, որպէսզի կարելի ըլլայ դիւրացնել արտերկրի լիբանանցի ուսանողներուն համար կատարուելիք վճարումները:
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցին նաեւ լիբանանեան ճարտարարուեստին զարկ տալու կարելիութիւնները:
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցին այն օրինագիծը, որ կ՛առաջարկէ Պէյրութի պայթումէն ետք այր եւ կնոջ ու անոնց զաւակներուն իրաւունքները պահպանել:


