Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Նետերլանտներու դեսպան Հանս Փիթըր Վանտերվուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Վանտերվուտ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու առումով, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Նետերլանտները պիտի շարունակեն օժանդակել լիբանանեան բանակին` երկրին դիմագրաւած այս արտակարգ պայմանները շրջանցելու:
Զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Նետերլանտներու դեսպանին` զինուորական բուժօգնութեան բաժանմունքի շտապ օգնութեան Նետերլանտներու տրամադրած նուիրատուութեան համար:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն այցելեց լիբանանեան ծովուժի Ամշիթի մասնայատուկ ուժերու զօրանոցը, ուր ան յայտնեց, թէ լիբանանեան բանակը տակաւին միասնական է եւ կարողութիւն ունի իր դերը կատարելու` հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն: «Ասիկա ձեր` բանակայիններուն շնորհիւ է, որովհետեւ կառչած կը մնաք տոկալու եւ տագնապին կորովով ու նուիրումով դիմադրելու», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը ունի մէկ ընտրանք` մնալ հայրենիքին մէջ եւ չլքել զայն, որքան ալ տագնապն ու դժուարութիւնները սաստկանան:
«Մենք հայրենիքը պաշտպանելու մեր խոստումին հաւատարիմ պիտի մնանք, մինչեւ որ կարելի ըլլայ այս տագնապը շրջանցել», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ տիրող կացութիւնը պատերազմներէն եւ զինուորական ճակատամարտներէն շատ աւելի դժուար է:
«Բայց եւ այնպէս դուք մարզուած էք դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները յաղթահարելու, հետեւաբար ձեր վստահութիւնն ու յոյսը մի՛ կորսնցնէք», շեշտեց զօր. Աուն` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը տարբեր երկիրներու եւ բարեկամ բանակներու հետ կը ջանայ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւն ապահովել:
Բանակի հրամանատարը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը շատ մեծ ճնշումներու կ՛ենթարկուի` տարբեր մակարդակներու վրայ, ապա ան իր խօսքը ուղղեց բանակայիններուն` հաստատելով, որ բանակը տոկուն կերպով պիտի դիմադրէ բոլոր մարտահրաւէրներուն:
«Ներկայ փուլը դժուար է ու զգայուն եւ մեզմէ կը պահանջէ զգաստութիւն, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ կը մօտենանք դէպի անկիւնադարձային հոլովոյթներ: Մենք պատրաստ ենք տոկալու, սակայն ցաւալին այն է, որ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու փորձերը անհամար են», ըսաւ ան:
Ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն անդրադառնալով` զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը իր թեքնիք պարտականութիւնը կատարած է` քաղաքական իշխանութեան պահանջով, եւ այդպիսով իր դերակատարութիւնը կ՛աւարտի:


