Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով Ռուսիոյ` Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու համար ներկայացուցած պայմաններուն, ներառեալ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մերժման մասին հարցումի մը, շեշտեց. «Ինչ կը վերաբերի ՕԹԱՆ-ին, շատոնց կորսնցուցի անդամակցութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնս, երբ անդրադարձանք, որ ՕԹԱՆ-ը պատրաստ չէ Ուքրանիան ընդունելու, որովհետեւ դաշինքը Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւններէն ու ճակատումէն կը վախնայ»:
Ան յայտնեց, որ Ուքրանիան որեւէ բանի համար ՕԹԱՆ-ի առջեւ «ծունկի պիտի չգայ»` նշելով. «Արեւմուտքը պատասխանատու է Ուքրանիոյ մէջ մարդոց մահուան համար, որովհետեւ կը մերժէ օդային տարածքը փակել եւ օդանաւեր տրամադրել»:
Զելենսքի Արեւմուտքը ամբաստանեց «խոստմնադրժութեան» յանցանքով` յայտնելով. «Արեւմուտքը մեր օդային տարածքին ռուսական հրթիռներէն պաշտպանութիւն չապահովեց, հալածիչներ կամ օդային պաշտպանութեան համակարգեր չապահովեց: Արեւմուտքը պատշաճ որոշումներ տալու անկարողութեան պատճառով պատասխանատու է Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցողին համար»:
Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ պատասխանելով Խրիմը իբրեւ Ռուսիոյ մաս, իսկ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդային հանրապետութիւնները իբրեւ անկախ պետութիւններ ճանչնալու կարելիութեան մասին հարցումի մը, յայտարարեց. «Զիս ընտրած ժողովուրդը պատրաստ չէ անձնատուութեան, մենք պատրաստ չենք վերջնագիրներու: Սակայն մենք կրնանք Ռուսիոյ հետ քննարկումներ կատարել Խրիմի եւ Տոնպասի ապագային վերաբերեալ: Կը կարծեմ, որ մենք կրնանք քննարկել հարցեր, որոնք կը վերաբերին ժամանակաւորապէս բռնագրաւուած տարածքներուն եւ չճանչցուած հանրապետութիւններուն, զորս բացի Ռուսիայէն ոչ ոք ճանչցած է, մենք կրնանք այդ տարածքներուն հետագայ ճակատագիրին վերաբերեալ փոխզիջումի տարբերակներ գտնել:
«Ինծի համար կարեւորագոյնը այն է, թէ ինչպէ՛ս պիտի ապրին այդ տարածքին մէջ մարդիկը, որոնք կ՛ուզեն Ուքրանիոյ մէկ մասը ըլլալ: Ո՞վ Ուքրանիոյ մէջ պիտի ուզէ զանոնք ընդունիլ: Այդ պատճառով հարցը շատ աւելի բարդ է, քան պարզապէս ճանաչումը», ըսաւ Զելենսքի:
Ան նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղեց` բանակցութիւններու եւ երկխօսութեան սկսելու:
Ուքրանիոյ նախագահի խորհրդական Միխայիլ Պոտալիաք յայտնեց, որ Զելենսքին պատրաստ է Ռուսիոյ հետ քննարկելու քաղաքական որեւէ հարց, ներառեալ` Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքները, զորս ՕԹԱՆ-ը մերժած էր ընդունիլ:
Միւս կողմէ, նշենք, որ Զելենսքի երէկ Բրիտանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին տեսակապով ուղերձ մը յղեց: Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ օտարերկրեայ ղեկավար մը բրիտանական խորհրդարանին առջեւ խօսք կ՛արտասանէր: Բրիտանացի երեսփոխանները յոտնկայս ծափահարութիւններով ողջունեցին Ուքրանիոյ նախագահը:
Ուքրանիոյ նախագահը մէկ օր առաջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Ուքրանական դիմադրութիւնը ներկայիս Եւրոպայի ապագան կ՛որոշէ»: Ան արեւմուտքցի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց իր երկրին պատերազմական օդանաւեր տրամադրելու, ինչպէս նաեւ աշխարհին կոչ ուղղեց ռուսական քարիւղն ու արտածումները պոյքոթի ենթարկելու:
Զելենսքի նախքան այդ յայտարարած էր. «Մենք ազգ մըն ենք, որ պիտի չպարտուինք, պիտի չընկրկինք եւ պիտի չներենք: Մենք գիտենք, թէ ո՛վ այս պատերազմը պատրաստեց, եւ գիտենք, թէ պատասխանը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ»:
«Քաղաքայինները պէտք է կարենան դուրս գալ այն վայրերէն, ուր կրակոց տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ ան:
«Մենք մարդասիրական օգնութիւններու մասին կը լսենք եւ անոնցմէ ոչինչ կը տեսնենք», աւելցուց Ուքրանիոյ նախագահը:


