Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանը Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Կենսաբանական Տարրալուծարաններու Մասին Տուեալները Հրապարակելու

March 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի կառավարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ հրապարակելու Ուքրանիոյ մէջ տեղակայուած զինուորական կենսաբանական տարրալուծարաններու եւ ժահրերու մասին տուեալները: «Արմէնփրես», վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չժաօ Ցզիյանը:

Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ տարածքին մէջ կը գործէին 26 ամերիկեան տարրալուծարաններ եւ նման այլ վայրեր:

«Միացեալ Նահանգները իբրեւ տարրալուծարաններուն վերաբերող առաւել շատ տեղեկութիւններ ունեցող կողմ, պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ բացայայտէ համապատասխան տուեալները, ներառեալ` այնտեղ գտնուող ժահրերու եւ անոնց հետազօտութիւններու էութեան մասին», նշած է ան:

Չժաօ Ցզիյանի համաձայն, յանուն Ուքրանիոյ եւ դրացի շրջաններու բնակիչներու առողջութեան, Չինաստանը նաեւ առնչակից կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` ապահովելու այդ տարրալուծարաններուն անվտանգութիւնը:

«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնած է, թէ Ուքրանիոյ մէջ կենսաբանական տարրալուծարաններու վերաբերեալ տուեալները կը հաստատեն Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ Կենսաբանական եւ թունաւոր զէնքի արգիլման մասին հռչակագիրի պահպանման պահանջները:

«Ուքրանական կենսաբանական տարրալուծարաններու աշխատակիցներէն փաստաթուղթեր ստացուած են 24 փետրուարին ժանտախտի, սիպերիական խոցի, թուլիարեմիայի, քոլերայի եւ այլ մահացու հիւանդութիւններու յարուցիչներու յատկապէս վտանգաւոր տարատեսակներու անյապաղ ոչնչացման մասին: 24 փետրուարին յատուկ վտանգաւոր տարատեսակներու անյետաձգելի ոչնչացումը պահանջուած է Ուքրանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Կենսաբանական եւ թունաւոր զէնքի արգիլման մասին հռչակագիրի առաջին յօդուածի խախտման փաստերու բացայայտումը կանխարգիլելու համար», նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ Զախարովայի մեկնաբանութեան մէջ:

Անոր համաձայն, այդ տեղեկութիւնները կը հաստատեն Ռուսիոյ կողմէ բազմիցս ներկայացուած մեղադրանքներու հիմնաւորումը` յետխորհրդային տարածքին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներու ռազմակենսաբանական գործունէութեան Կենսաբանական զէնքի արգիլման հռչակագիրը չյարգելը:

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Ուքրանիոյ Մէջ Տիրող Կացութիւնը

Յաջորդը

Պայտըն Ռուսական Քարիւղի Ներածումներու Պոյքոթ Յայտարարեց

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.