Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Խմբակցութեան Ներկայացուցիչներուն Մամլոյ Ասուլիսը` Ռուսիա-Ուքրանիա Պատերազմի Հետեւանքներուն Մասին

March 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` 7 մարտ 2022-ին, «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Վահէ Յակոբեան եւ Թադեւոս Աւետիսեան հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով:

Անոնք ամփոփեցին վերջին Ազգային ժողովի վերջին քառօրեան եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:

«Մեր առաջնային խնդիրը տոլար-դրամ փոխարժէքի կայունութեան ապահովումն է», ըսաւ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւոր, Տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Վահէ Յակոբեան:

Ան յայտնեց, որ որոշ տուեալներով օրական 6 հազար Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ քաղաքացիներ կու գան Հայաստան եւ իրենց հետ կը բերեն հիմնականին մէջ ռուբլի, ուստի Հայաստանի կառավարութեան առաջին խնդիրը այն է, որ անոր արտահոսք չըլլայ:

Վահէ Յակոբեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանը կրնայ կանգնիլ նաեւ հացահատիկի վտանգի դիմաց` ընդգծելով, որ եթէ ուքրանական տագնապը երկարի, ապա Ռուսիան սահմանափակումներ պիտի մտցնէ, եւ մեր երկիրը պիտի կանգնի հարցի դիմաց:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեանն ալ նկատել տուաւ, որ ռուս-ուքրանական տագնապի վտանգները ակներեւ են եւ արդէն տեսանելի:

«Բայց կան նաեւ կարելիութիւններ Հայաստանի տնտեսական կարողականութիւնը մեծցնելու, ներդրումներու համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու եւ նաեւ արտահանումը ԵԱՏՄ աւելցնելու», ըսաւ պատգամաւորը եւ շեշտեց` կառավարութիւնը Կեդրոնական դրամատան հետ պէտք է կատարէ առաւելագոյնը, որ վտանգները տնտեսութեան վրայ չէզոքացնէ եւ բարձրացնէ բացուած առիթներէն օգտուելու կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Արցախը Ուքրանիա 14 Թոն Օգնութիւն Ուղարկած Է

Յաջորդը

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Շեշտեց Սահմանագօտիին Մէջ Դիտորդական Առաքելութիւն Տեղակայելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.