Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն լիբանանեան բանակի «Ալ Ժէյշ» պաշտօնաթերթին ընդմէջէն իր խօսքը ուղղեց բանակայիններուն` հաստատելով, որ Լիբանանը յուզող այս սուր տագնապը անոնց կորովը պիտի չկարենայ ջլատել:
Զօր. Աուն իր պատգամին մէջ հաստատեց, որ ներկայիս մղուած պատերազմը կամքի պատերազմ է: «Ո՛վ որ կամք ունի տոկալու` յաղթական դուրս կու գայ: Համոզուած եմ, որ ձեր կամքը ամուր է, եւ ինչպէս որ բազմիցս խոստացած եմ ձեզի, տիրող տագնապը պիտի չկարենայ զգետնել ձեր կորովը եւ ուժը: Այս փուլը հզօր մարդոց աշխատանքի փուլն է: Դուք էք ժողովուրդին վերջին յոյսը, այս երկրին փրկութիւնն ու անոր գոյութեան եւ ապագային երաշխիքը», շեշտեց ան:
Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունի լիբանանեան բանակին, «հետեւաբար ձեր յոյսը մի՛ կտրէք Լիբանանի հանդէպ` անոր դիմագրաւած ներկայ տագնապալի օրերուն պատճառով, որովհետեւ այդ տագնապը պիտի հասնի իր աւարտին եւ Լիբանան պիտի վերագտնէ իր փայլքը», ընդգծեց ան:


