Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ նախագահեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէարկութեան հոլովոյթը դիւրացնող մեկասենթըրներու կառուցման վերաբերող նախարարական յանձնախումբի Ա. նիստին:
Յանձնախումբը որոշեց այսօր երեկոյեան ժամը 5:00-ին իր գումարելիք Բ. նիստին ընթացքին շարունակել քննարկել մեկասենթըրներ կառուցելու կարելիութիւնները:
«Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ երէկուան նիստին ընթացքին զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսար առաջարկած է երեսփոխանական ընտրութիւնները երկու ամիսով յետաձգել` մեկասենթըրներու կառուցումը իրականացնելու նպատակով:
Մաուլաուի Յայտարարեց Իւպեր Ֆաթթալը
Սպաննող Ոճրագործներուն Ձերբակալումը
Անցեալ կիրակի, 6 մարտ 2022-ին, լիբանանեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ «Ֆաթթալ» ընկերութեան սեփականատիրոջ որդին` Իւպեր Ֆաթթալ (ծնեալ` 1970-ին), սպաննուած գտնուած է իր բնակարանին մէջ, Մանսուրիէի մէջ:
Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ սպաննուողին ինքնաշարժը կորսուած է:
Դէպքին վայրը` Մանսուրիէ «Կրին վելի» բնակարանային համալիր ուղղուած են քրէական փաստահաւաքներն ու ապահովութեան ուժերը:
Երէկ կէսօրին նախարար Մաուլաուի յայտնեց, որ նուազ քան 24 ժամ ետք, Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալած է Իւպեր Ֆաթթալը սպաննող ոճրագործները, որոնք սուրիացիներ են:


