23 ապրիլին տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռէալ Պեթիս եւ Վալենսիա:
Կիսաւարտականի դարձի մրցումին, Պեթիս, որ հիւրընկալեց Ռայօ Վայեքանոն, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Երթին Պեթիս արձանագրած էր 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Ինչ կը վերաբերի Վալենսիային, անիկա մրցաշարքէն դուրս ձգեց Աթլեթիք Պիլպաոն (1-1 եւ 1-0):


