Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը երէկ բանակցած են Ուքրանիոյ հարցին շուրջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պատկերասփիւռի կայանը կը յայտնէ, որ բանակցութիւնները շուրջ մէկ ժամ տեւած են:
Քրեմլինի հաղորդումով` Փութին Էրտողանի հետ իր զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան ամէն ինչ կ՛ընէ ուքրանացիներուն կեանքը պահպանելու համար. հարուածները կը հասցուին բացառապէս զինուորական դիրքերու ուղղութեամբ:
Ռուսիոյ ղեկավարը անհեռատես կոչած է բանակցային հոլովոյթը ձգձգելու Քիեւի փորձերը:
Էրտողանի հետ զրոյցի ընթացքին Փութին անգամ մը եւս հաստատած է, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութիւնը պիտի աւարտի այն ժամանակ միայն, երբ Քիեւ դադրեցնէ մարտերը եւ ընդունի Ռուսիոյ պայմանները:
Փութին պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու Ուքրանիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու շրջաններէն Թուրքիոյ քաղաքացիներու հեռացման:
Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին քննադատած է Արեւմուտքի` ռուսական մշակոյթի եւ ռուս գործիչներու նկատմամբ սկսած խտրականութեան քարոզարշաւը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու երկիրներուն ղեկավարները փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնած են առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը շարունակելու:


