Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ուրբաթ, 4 մարտ 2022-ին հեռավար հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի հետ:
Քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին, Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին, պատերազմի հետեւանքներու վերացման վերաբերող աշխատանքներուն եւ աշխարհաքաղաքական վերջին զարգացումներուն առնչուող հարցեր:
Բաբայեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակողական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտ կապերը` միջազգային ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն հետ, լուրջ սպառնալիք են շրջանային եւ համաշխարհային անվտանգութեան համար, եւ եթէ ժամանակին չձեռնարկուին համապատասխան միջոցներ, հետեւանքները անդառնալի պիտի ըլլան:
Արտաքին գործոց նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց քոնկրեսական Փալոնին` Արցախին միշտ աջակցելուն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր ժխտման դէմ պայքարելուն, ինչպէս նաեւ համահայկական տարբեր հարցերու լուծման սատարելուն համար:
Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ այլ պաշտօնատարներ:


