Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 30-ամեակին Առիթով. Ուղերձներու Փոխանակում Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ

March 7, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ 4 մարտին ուղերձներ փոխանակած են երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով:

Արարատ Միրզոյեան իր ուղերձին մէջ  նշած է, որ 30 տարի առաջ հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ` Հայաստան եւ Լիբանան ամրագրեցին երկու ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութիւնը պետական համագործակցութեան սկիզբով: Ան ընդգծած է լիբանանահայ համայնքի եզակի եւ անգնահատելի դերը երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը ամուր հիմք ստեղծեց ձեւաւորելու երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան լայնածիր եւ ընդգրկուն դաշտ, ինչպէս նաեւ` միջմարդկային յարաբերութիւններու լայն շրջանակ, որ լաւագոյնս դրսեւորուած է մարտահրաւէրները եւ դժուար օրերը կողք-կողքի յաղթահարելու վճռականութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ:

Մեծապէս կարեւոր նկատելով հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու ջերմ աւանդութիւնները` Արարատ Միրզոյեան վստահութիւն յայտնած է, որ «միացեալ ջանքերով կարենանք նոր բովանդակութիւն հաղորդել երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան լայն շրջանակին»:

Իր կարգին, նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ իր ուղերձին մէջ  ընդգծած է, որ հայ-լիբանանեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը կը նշուի երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացման ամուր հաստատակամութեամբ:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը երկու ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան բնական շարունակականութիւնն էր, ուր իր ուրոյն դերը ունի Լիբանանի հայ համայնքը` իբրեւ լիբանանեան հասարակական կառուցուածքի ընդգրկուն եւ առանցքային բաղադրիչ:

Նախարար Պու Հապիպ իր ուղերձին մէջ կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն ամուր բարեկամութիւնը խաղաղութեան եւ բարդ ժամանակներու ատեն` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան համար եւ հաստատակամ մնալով Հայաստանի անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան Լիբանանի անխախտ դիրքորոշման:

 

Նախորդը

Ֆրեզնոյէն Լիբանան Հասած Բժիշկները Հանդիպում Ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ` Այսօր Սկսելիք Իրենց Առաքելութեան Իբրեւ Մեկնարկ

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Մէջ Ապրող 105 Լիբանանցիներ Երէկ Վարշաւայէն Հասան Պէյրութ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.