Տարուբերեմ ձեզ անձնականին եւ ընդհանրականին միջեւ
Նեղութիւն կը զգայի թերթ բռնած ժամանակ. ա՛լ աւելի նեղութիւն կը պատճառէին անոր մեծ ու չկցուած էջերը, երբ պզտիկ ձեռքերովս չէի կրնար պահել զանոնք բոլորը մէկ, եւ ամէն ինչ իրար կ՛անցնէր: Ի վերջոյ, յանձնուելով, մէկ կողմ կը դնէի թուղթերու այդ խառնարանը` յանցաւորի մը զգացումով, եւ կը մտահոգուէի. «Արդեօք մէկը պիտի կրնա՞յ ետ շտկել այս ամէնը»:
Կը տեսնէի զայն ամէն տեղ, ակումբի հաշուապահին քով` տրցակներով, վրայ-վրայի շարուած, միութիւններու ակումբներուն փակ դռներու բռնակին վրայ` ծալուած-դրուած, ցրուիչին հեծիկին առջեւի կողովին մէջ` ոլորուած, զետեղուած, տաք-տաք վիճակի` պատրաստ բաշխումի: Եւ այդ ամբողջութեան մէջ երկու բան ուշադրութիւնս կը գրաւէր. առաջինը` այդ գունաւոր ծանուցումը, որ յաճախ թերթին հետ կու գար, նոյնիսկ եթէ կօշիկի խանութի մը ծանուցումը ըլլար այդ մէկը, հաճելի էր, որովհետեւ փայլուն էր ու գունաւոր, հակառակ թերթի միւս բոլոր էջերուն: Երկրորդը` մանկապատանեկան էջը` այդ ատեն տարիքիս յարմար եւ ինծի համար հաճելի գծագրութիւններով, խաղերով, եւ պզտիկ-պզտիկ պատմութիւններով լեցուն:
Բերիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթով եւ անոր «Կկու» մանկապատանեկան յաւելուածով սկսաւ թերթի հետ իմ առնչութիւնս` փոքր տարիքէս` հանգրուաններով, շատ անգամ` երկար-երկար ընդմիջումներով:
Ընդմիջումներով, որովհետեւ գրելը արտայայտուելու լաւագոյն ձեւերէս մէկն էր, որուն երբեմն կը դիմէի: Կը սիրէի բառեր ի մի բերել ու նախադասութիւններ կազմել: Նախակրթարանի գրասեղաններու ետին նստած, երբ ընկերովի նախադասութիւն կազմել փորձէինք, միշտ կը նախընտրէի բոլորին ծանօթ ու սովորական նախադասութիւններէն դուրս գալ եւ նոր բառերով իմաստալից ու գեղեցիկ նախադասութիւն մը կազմել: Բայց չէի զարգացուցած գրելու այդ սովորութիւնը եւ այդ արտայայտութեան ձեւը պահած էի շրջապատէս, չէի բացայայտած, ուստի փոքր տարիքիս մէկը չտեսաւ կամ չկրցաւ տեսնել, որպէսզի քաջալեր հանդիսանայ ու մղում տայ:
Տարիներու թաւալումով, առիթներու ընծայումով, փորձառութիւններու կուտակումով եւ անհատներու միջնորդութեամբ, հետզհետէ գիրի, գրիչի, թերթի եւ գրականութեան հետ իմ կապս սկսաւ զօրանալ: Եւ թերթը, որ անցեալին «խեղման» ենթարկուող առարկայ էր ինծի համար, հիմա արդէն առօրեայիս մէկ բաժինն է: Բաժին մը, որուն գուրգուրանքով կը մօտենամ ու քայլ կը պահեմ անոր հետ:
Բայց ինչո՞ւ են այս թերթերը: Ինչո՞ւ կը տպուին «մահամերձ» այս լեզուով աշխարհի չորս դին, կամ ամենապարզ հարցումը, ինչո՞ւ կը տպուի՛ն:
Կը հաւատամ, որ աշխարհին մէջ եթէ ընտրելու ըլլաք որեւէ երկու բան,- կը կրկնե՛մ, ՈՐԵՒԷ ԵՐԿՈՒ ԲԱՆ,- որքան ալ տարբեր ըլլան անոնք` անպայման տեղ մը ձեւով մը կը հանդիպին նմանութեամբ մը: Այսպէս.
Շինարարին եթէ տաս քարերու կոյտ մը` անկէ քեզի տուն կը շինէ:
Դերձակին եթէ տաս կտոր ու մկրատ` քեզի հագուստ մը կը ձեւէ:
Կաշեգործին կաշի եթէ տաս` թերեւս ինք ալ գօտի մը շինէ քեզի:
Քարերը` իրենց ցրուած վիճակին, ոչ մէկ օգուտ ունին: Կտորէն ու մկրատէն թէե՛ւ հագուստ կրնայ գալ, սակայն անոնք դերձակի ձեռքը չանցնելու պարագային, սենեակին մէկ անկիւնը կրնան խճողել պարզապէս: Բայց նաեւ, երկու քար քով-քովի դնելով տուն չի շինուիր, մէկ մկրատի կտրուածքով ալ հագուստ չի ձեւուիր, բայց նաեւ եթէ այդ աշխատանքը իր աւարտին չհասնի, այդ պարագային ոչինչով կը տարբերին այդ բոլորը իրենց չբանուած վիճակէն: Այդ մէկը կը պահանջէ հաստատակամութիւն եւ երկարատեւ ու տքնաջան աշխատանք:
Թերթերն ալ այդպէս չե՞ն: Սիւնակ առ սիւնակ, էջ առ էջ, թերթ առ թերթ, թիւ առ թիւ` տարիէ տարի ճարտար ձեռքերու տակ կը կուտակուին անոնք ու կը կազմեն գաղութի մը պատմութիւնը, կատարած գործունէութեանց համապարփակումը: Աւելին` ան կը դառնայ իր օրուան պատգամաբերը, ժողովուրդին ձայնը, ուղղող սլաք մը եւ իր հովանիին տակ տաք-տաք երկաթը ծեծող այդ դարբինին բազուկը, որուն տակէն սերունդներ կ՛անցնին` կ՛օգտեն ու կ՛օգտուին, եւ փոխադարձ ձեւով շահեկան այս յարաբերութեան որպէս արդիւնք կը գոյանայ ու կը ներկայանայ թերթը` տարիներու երկարութեան վրայ իր անարհամարհելի արժէքով:
Թերթը` անցեալի կրպակներու ցուցափեղկերը զարդարող ու լեցնող գունաւոր ու տժգոյն էջերով եւ այսօրուան իր նոր տարազով` ընկերային ցանցերը ողողող կայքէջները: Բայց մի՛շտ եւ միշտ` հոգիին ու մտքին սնունդի երաշխաւորը:
Վերադառնանք անձնականին, Հալէպի մէջ, այնտեղ լոյս տեսնող «Գանձասար» շաբաթաթերթին աշխատակից դառնալէ ետք, տարի մը առաջ հասայ Պէյրութ, ուր կեանքին համակերպելու ենթադրութիւններս մեծ էին` նկատի առած աշխարհագրական տարածքը, Միջին Արեւելքի «բնականոն» անկարգութիւնը, ժխորը, ժողովուրդը եւ կենցաղակերպը: Տեսականօրէն ճիշդ էին ենթադրութիւններս եւ տեղին, սակայն հաշիւներէս դուրս մնացած էին համաճարակային պայմանները եւ գաղութի ինչ շրջաններու մէջի կեդրոնացումը, որ բոլորովին տարբեր էր Հալէպէն,- ուրկէ կու գամ: Այնտեղ` ամենահեռու հայուն հասնելու համար առաւելագոյնը 25-30 վայրկեան պիտի քալես, սակայն, հոս այդպէս չէ: Եւ որովհետեւ ինքնաշարժ ունենալը այս օրերուս այս քաղաքներուն մէջ մսխումի մէկ ձեւն է, եւ ամէն տեղ համաճարակի պատճառով փակ վիճակի մէջ է, ուրեմն պարզ է, որ համակերպելու հարց մը եւ յաւելեալ ժամանակի պահանջք մը պիտի զգացուի:
Յարաբերութիւնները, ընդհանրապէս, կը կազմուին երկու կողմեր զիրար միացնող առ հասարակ հետաքրքրութիւններով, օրինակ` երկու աշակերտ դասի միջոցաւ կ՛ընկերանան, երկու վաճառականներ` դրամի պատրուակով եւ այսպէս, յարաբերութիւն մը կազմելու համար, նոյն հետաքրքրութիւնը ունեցող մարդիկ պիտի փնտռես, զգալու համար ի վերջոյ, որ դուն եղած տեղիդ կը պատկանիս, կա՛ս, կ՛ապրի՛ս:
Ընտանիքը, ընկերները, գաղութային կեանքը, դեղագործութիւնը, ֆութպոլը, լեզուն, թերթը, գիրքը եւ տեսակ-տեսակ հետաքրքրութիւններ կը կազմեն իմ կեանքիս առանցքը, ուրեմն` յարաբերութիւն մը եթէ կազմուելու ըլլայ, աւելի հաւանական է, որ նման բաներու հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցող անձանց հետ ըլլայ:
Թերթը անոնցմէ մէկն է, ուր աշխատակիցներ ու թղթակիցներ միատեղ կը համախմբուին` հաւատալով անոր առաքելութեան ու շատ անգամ նոյնանալով իրենց «նորը սորվելու» բնաւորութեամբ: Ուրեմն, «Ազդակ»-ի «յաճախորդ» մը դառնալը լաւ առիթ մը կրնայ ըլլալ նոյն հետաքրքրութեամբ, նոյն ուղղութեամբ, բայց տարբեր դիտանկիւնով մարդոց հետ մտերմանալու եւ նոր շրջանակ մը ունենալու համար:
Փորձաքարը նետուեցաւ. ոմանք պիտի ըսեն այդ քարը «վերը կեցաւ» ու «մաղթանքը կատարուեցաւ», ուրիշներ` «իրմով երկու թռչուն զարկաւ», բայց ես պիտի ըսեմ` երկուքը մէկ:
Այստեղ ես ունեցայ գործընկերներէ աւելի ընտանիք մը եւ խմբագրատունէ աւելի «տուն» մը, ուր ամէնօրեայ դրութեամբ կը դիմեմ եւ ամէն յօդուածի վերջակէտ հո՛ս կը դնեմ:
Մտահոգութիւններ կիսելու, ուրախութիւններ բազմապատկելու եւ այցելու ու «տեղացի» գիտելիքներով լեցուն մարդոց մթերանոց մըն է այս տունը:
«Ազդակ» օրաթերթը այս տարի կը տօնէ իր 95-ամեակը:
95 տարիներու ընթացքին այս յարկին տակ եկեր ու անցեր են տարբեր տարիքի մարդիկ, ոմանք երկարաժամկէտ, ուրիշներ կարճ ժամանակաշրջանի մը համար: Բոլորն ալ անպայման բերած են իրենց ներդրումը եւ քաղած են իրենց աշխատանքի պտուղը ու մնալով այստեղ կամ մեկնելով երկրէն` տարած են անոր հունտերը եւ ցանած աշխարհի այս կամ այն կողմը:
95 թիւը եթէ թուաբանութեան մէջ թիւերու առաջին հարիւրեակին մէջ է ու ձեւով մը պզտիկ կը թուի միւս աւելի մեծ թիւերուն քով, ապա աշխարհի վրայ եւ հիմնարկի մը առօրեայ գործունէութեան իմաստով, որպէս տարիներու տեւողութիւն` կը ներկայացնէ բացարձակ արժէք, որուն պէտք է գուրգուրանքով մօտենալ, պահել ու պահպանել: Մէկ խօսքով, մեղուափեթակի վերածուած մեղուներու աշխատանքէն դուրս եկած այս «մեղրը» պէտք չէ անտեսել:
Որովհետեւ տակաւին շատեր պիտի ուզեն Պուրճ Համուտի թաղերը շրջած ատեն տեսնել այդ թերթը ընթերցող ծերունիի մը ձեռքը, կամ այս կամ այն ակումբի դրան բռնակին վրայ, ու նոյնիսկ եթէ լռելեայն մնայ կուռքի մը պէս այնտեղ, ու ձեռք չդպչի անոր, ապա անոր մեծատառ ու հաստագիր անունը` «ԱԶԴԱԿ օրաթերթ»-ը, ջերմութիւն մը կը զգացնէ իւրաքանչիւր ՀԱՅՈՒ հոգիին մէջ եւ կը վերանորոգէ զայն:
Գործուն մասնակցութիւնը պարտք է բոլորիս, իսկ այդ մասնակցութեան ձեւը որոշելը ընտրողական: Մամուլի գոյութիւնը հասարակութիւններու կեանքին մէջ պէտք է ակնբախ ըլլայ, եւ ոչ թէ «ակնփախ»:
Իսկ «Ազդակ»-ին մաղթենք նոր ու «մեծաթիւ» ամեակներ, ամէնօրեայ հերթականութեամբ, նո՛յն որակով, նո՛ր աւիւնով:



