Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Ուքրանիոյ հարցով դիւանագիտութեան, եթէ Ռուսիա զօրքերը հեռացնէ եւ նոյնպէս դիմէ բանակցութիւններու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
«Եթէ Ռուսիան իր զօրքերը հեռացնէ եւ պատրաստ ըլլայ բանակցելու, մենք պատրաստ ենք նոյնը ընելու», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Պլինքընի համաձայն, Միացեալ Նահանգներ դրական տրամադրուած են Ռուսիոյ հետ տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ անվտանգութեան հարցին շուրջ բանակցութիւններ վարելու նկատմամբ, սակայն դիւանագիտութեան ուղիին համար անհրաժեշտ է Ուքրանիոյ մէջ մագլցումի չքացումը:


