Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր երէկ յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներէն 58-ն այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն նախատեսուեր էր, որ հասնէին Պէյրութ:
Խէյր նկատել տուաւ, որ անոնք Պէյրութ պիտի ուղղուին Ռումանիայէն:
Ան աւելցուց, որ Ռումանիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատունը դիւրացուցած է վերոնշեալ 58 լիբանանցիներուն Պէյրութ մեկնումը` նկատել տալով, որ անոնք պիտի աւելնան արդէն իսկ 70 այլ լիբանանցիներու, որոնք նոյն օդանաւով պիտի հասնին Լիբանան` լիբանանցի գործարարի մը ճիգերով:
Խէյր բարձր գնահատեց լիբանանցի գործարարին ջանքերն ու աշխատանքը` հաստատելով, որ Ուքրանիոյ մջ գտնուող լիբանանցիներէն 128-ին Պէյրութ ժամանումը նախատեսուած է այսօր առաւօտեան:
Խէյր դիտել տուաւ, որ կայ նաեւ լիբանանցիներու այլ թիւ մը, որ Լիբանան պիտի վերադառնայ Լեհաստանէն, երբ անոնց վերադարձի դիւրութիւններ ընծայուին:


