Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ Եւ ՕԹԱՆ-ի Միջեւ Ուղիղ Բախումի Վտանգ Կայ» Կ՛ըսէ Կրուշքօ

Ռուսական Բանակը Գրաւեց Խերսոն, Վասիլիվքա Եւ Թոքմաք Քաղաքները

March 3, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի միջեւ ուղիղ բախումի վտանգ կայ: «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ:

«Ռուսիոյ եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերու բախման վտանգներ, բնականաբար, կը յառաջանան, ու մենք, ի հարկէ, մտահոգուած ենք սպառազինութիւններու մատակարարումներով, այդ բոլորը շատ վտանգաւոր են… Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ որեւէ միջադէպ պիտի չարձանագրուի», ըսած է Կրուշքօ:

«Ոեւէ մէկը, որ մտածելու կարողութիւն ունի, լաւապէս կը գիտակցի, թէ ՕԹԱՆ-ի ընդլայնումին նպատակը իրողութեան մէջ թշնամի գտնելն է», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

«Մոսկուան կը լսէ ՕԹԱՆ-ի` Ուքրանիոյ կացութեան զինուորական միջամտութիւն չկատարելու յայտարարութիւնները, ատիկա ցոյց կու տայ, թէ ՕԹԱՆ-ի վարմունքին մէջ առնուազն որոշ իմաստութիւն կայ», ըսաւ փոխնախարարը:

Ան աւելցուցած է, որ Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնամէտ կառոյցի ձեւաւորումը անել ճամբայ է:

«Եթէ անվտանգութիւնը կարեւոր կը նկատենք, ապա ուշ կամ կանուխ Եւրոպայի մէջ պէտք է գան այն գիտակցութեան, որ ՕԹԱՆ-ակեդրոն ճարտարապետութեան ձեւաւորումը անել ճամբայ է, ատիկա պարզապէս իրենց զինուորական ծրագրաւորման առարկայի վերածուած է», ըսած է ան:

Նախքան այդ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտարարած էր, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները չեն պատրաստուիր Ուքրանիոյ մէջ կացութեան կայունացման համար զինուորական միջամտութիւն գործել: Ան ընդգծած էր, որ ատիկա սխալ պիտի ըլլար:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ համաշխարհային երրորդ պատերազմը հիւլէական պիտի ըլլայ եւ քանդիչ: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն փորձառու է, ան ըսաւ, որ պատժամիջոցներուն միակ այլընտրանքը համաշխարհային պատերազմ է»:

Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիան պիտի չարտօնէ, որ Ուքրանիան հիւլէական զէնք ձեռք բերէ` նշելով. «Ուքրանիոյ, ներառեալ Քիեւի մէջ ռուսական զինուորական գործողութեան նպատակը Ուքրանիան ապազինելն է»:

«Ուքրանիոյ մէջ մեր անվտանգութեան սպառնացող յարձակողական զէնքերու գոյութիւնը չենք կրնար արտօնել», ըսաւ Լաւրով` նշելով, որ իր երկիրը պատրաստ է բանակցութիւններու երկրորդ փուլին, «սակայն ուքրանական կողմը ամերիկեան հրամաններու հիմամբ հարցերու ձգձգում կը կատարէ»:

«Ուքրանացի ժողովուրդն է, որ իր իշխանութիւնը կ՛ընտրէ, սակայն վերջինս Ուքրանիոյ բոլոր ազգութիւնները ներկայացնող պէտք է ըլլայ», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Խրիմը Ռուսիոյ մէկ մասն է եւ անբանակցելի է», շեշտեց ան: Անդրադառնալով Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն` Լաւրով նշեց. «Այդ պատժամիջոցներուն պատրաստուած էինք, սակայն չնախատեսեցինք, որ անոնք թիրախ դարձնեն մարզիկները, մտաւորականները, արուեստագէտները  եւ մամլոյ գործիչները»: Ան աւելցուց. «Ռուսիան բազմաթիւ բարեկամներ ունի, եւ զայն կարելի չէ մեկուսացնել»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց. «Ռուսական քարիւղին ու կազին դէմ պոյքոթ հաստատելու հաւանականութեան վերաբերեալ բոլոր ընտրանքները սեղանի վրայ են»:

Ան նշեց, որ իր երկիրը մնայուն կապի մէջ է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ, «եւ ան միայն կ՛որոշէ Քիեւ մնալ կամ ոչ»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական ստորաբաժանումները ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած են Ուքրանիոյ Խերսոն քաղաքը: Նախքան այդ, հաղորդուած էր, որ Տոնեցքի ուժերը ամբողջական պաշարման տակ առած են Մարիուփոլ քաղաքը:

Ռուսական ուժերը նաեւ ամբողջութեամբ գրաւեցին Ուքրանիոյ հարաւային Վասիլիվքա եւ հարաւային-կեդրոնական Թոքմաք քաղաքները:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լուկանսք եւ Տոնեցք  հանրապետութիւններու տարածքներուն մեծամասնութիւնը ազատագրուած է, բացի զինեալներու կարգ մը որջերէն: «Մայատին» նաեւ հաղորդեց, որ ռուսական ուժերը ամբողջովին պաշարած են Տոնպասի եւ Խարքովի մարզերուն միջեւ գտնուող ուքրանական ուժերը:

Նախորդը

Պայտըն. «Փութինի Յարձակումին Հետեւանքով Ռուսիան Պիտի Տկարանայ, Իսկ Աշխարհը Պիտի Հզօրանայ»

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Ռուսիայէն Ուքրանիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութիւնը Դադրեցնել Պահանջող Բանաձեւ Մը Որդեգրեց

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.