Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւ Կը Խօսի Ազրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա Ձեւաչափի Կարելիութեան Մասին

March 2, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է Ազրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա համագործակցութեան եռակողմ ձեւաչափ ստեղծելու կարելիութեան մասին:

Ազրպէյճանի նախագահին համաձայն, ռուս-ազրպէյճանական դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիրը պատմական փաստաթուղթ է, այժմ Պաքուն հետաքրքրուած է ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի անդամ Ռուսիոյ հետ եռակողմ ձեւաչափով համագործակցութեամբ:

Ալիեւ նշած է, որ Ազրպէյճան-Ռուսիա-Թուրքիա համագործակցութեան եռակողմ ձեւաչափը տակաւին ձեւակերպուած չէ` արտաքին գործոց նախարարներու եւ նախագահներու մակարդակով հանդիպումներ տակաւին չեն կայացած, սակայն այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կ՛ընթանան:

«Մեզի համար շատ հաճելի է, որ նախագահներ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ կան շատ վստահելի յարաբերութիւններ, անոնք երկուքն ալ այդ մասին հրապարակաւ կը խօսին: Այնպէս որ, կը կարծեմ, հեռու չէ այն օրը, երբ պիտի ձեւակերպենք այդ յարաբերութիւնները: Որովհետեւ Ազրպէյճան կը հանդիսանայ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դաշնակիցը, այստեղ հարց կը ծագի յաջորդ քայլին մասին: Սակայն ատիկա արդէն մեր ընելիքը չէ, մենք մեր կողմէն միշտ աշխատած ենք երկու երկիրներու շահերուն մերձեցման ուղղութեամբ», Մոսկուայի մէջ ռուսական յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Նշենք, որ Ազրպէյճան 15 յունիս 2021-ին Թուրքիոյ հետ դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին հռչակագիր ստորագրած է, իսկ 22 փետրուար 2022-ին ալ` Ռուսիոյ հետ:

 

Նախորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Դաշնակցութիւնը Ուժեղ Է Իր Աջակիցներով»

Յաջորդը

Զելենսքի Տուն Կանչած Է Վրաստանի Եւ Խըրխըզիստանի Մէջ Ուքրանիոյ Դեսպանները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Լոյսին Տակ.  Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին  Ազրպէյճան Այցելելու
Գլխաւոր լուրեր

Անգարայի Եւ Պաքուի Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Լոյսին Տակ. Էրտողան Մտադիր Է 8 Նոյեմբերին Ազրպէյճան Այցելելու

November 7, 2026
Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են  Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն  Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»
Միջազգային

Թրամփ. «Ռուսիան Ու Միացեալ Նահանգները Մօտ Են Համաձայնութիւններու Ոչ Միայն Ուքրանիոյ Մէջ Կարգաւորման Հարցով»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.