Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնը` ՖԻՖԱ-ն, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ այսուհետեւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը հանդէս պիտի գայ Ռուսիոյ ֆութպոլի միութեան հաւաքական անուանումով, առանց դրօշակի եւ ազգային քայլերգի:
ՖԻՖԱ-ն դատապարտեց Ռուսիոյ զինուած ուժերուն ներխուժումը Ուքրանիա եւ մեկնելով այդ իրականութենէն անոր դէմ հաստատեց պատժամիջոցներ, նշելով որ անիկա իր բոլոր մրցումները պիտի կատարէ օտար դաշտի վրայ եւ առանց համակիրներու:
Յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ օրերուն, «ՖԻՖԱ»-ն պիտի շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները միջազգային ողիմպիական կոմիտէին եւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ին հետ` Ռուսիան հեռացնելու համար միջազգային մրցաշարքերէն, եթէ իրավիճակի բարելաւում չտեսնէ:
Նշենք, որ Լեհաստան հրաժարեցաւ մասնակցիլ Ռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք):
Շուտով անոր պիտի հետեւին նաեւ Չեխիա եւ Շուէտ:


