Ռուսական եւ ուքրանական պատուիրակութիւններ երէկ հասան Ուքրանիա-Պիելոռուսիա սահմանին վրայ գտնուող Կոմել մարզ` երկու երկիրներուն միջեւ տագնապին սկիզբէն 5 օր ետք առաջին անգամ ըլլալով դէմ առ դէմ բանակցութիւններու համար: Ուքրանական պատուիրակութեան անդամները բանակցութիւններու սկիզբէն առաջ կասկած յայտնեցին, որ վերջիններս վերջ կրնան տալ տագնապին:
Ըստ «Սի.Պի.Էս.»-ին, ուքրանական կողմի հիմնական պահանջները եղած են անմիջական զինադադարի հաստատումն ու ռուսական ուժերու Ուքրանիայէն հեռացումը:
Աւելի քան չորս ժամ տեւած եւ երկու ընդմիջումներով բանակցութիւններու աւարտէն ետք երկու պատուիրակութիւնները խորհրդակցութիւններու համար վերադարձան իրենց երկիրներու մայրաքաղաքներ:
Ռուսական պատուիրակութեան նախագահ Վլատիմիր Միտինսքի յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութեան յաջորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ լեհական-պիելոռուսական սահմանին վրայ:
«Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները տեւեցին շուրջ հինգ ժամ, եւ այդ ընթացքին ամբողջ օրակարգը մանրամասնօրէն քննարկուեցաւ: Բանակցութիւններու ընթացքին յայտնաբերուեցան կէտեր, որոնց հիմամբ կարելի է երկու կողմերուն միջեւ հասարակաց կեցուածքներ նախատեսել», ըսաւ ան:
Զելենսքիի խորհրդականը իր կարգին յայտնեց. «Բանակցութիւնները դժուար են, եւ ռուսական կողմը տակաւին կողմնակից է իր շղթայազերծած քանդումի գործողութիւններուն»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ, անդրադառնալով ռուս-ուքրանական բանակցութիւններուն, յայտնեց. «Ատիկա` Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւնը լաւ նորութիւն է. ատիկա այն է, որուն առաջին օրուընէ իսկ մենք կոչ կ՛ուղղէինք: Քաղաքական երկխօսութիւնը միջոց է կայուն որոշում գտնելու այն խնդիրներուն համար, որոնք տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունին շրջանին մէջ»:
Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար եւ Ֆրանչիսկոս պապի աւագ օգնական Փիեթրօ Փարոլին կարտինալը երէկ իտալական օրաթերթերու հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Վատիկանը «պատրաստակամ է Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը դիւրացնելու» եւ պատրաստ է առնչակից բոլոր կողմերուն օգնելու բանակցութեան սեղան վերադառնալու:
Քիեւէն անանուն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ռուս միլիառատէր գործարար եւ անգլիական Չելսի ֆութպոլի ակումբի սեփականատէր Ռոման Ապրամովիչ ընդունած է Ռուսիոյ հետ տագնապին վերջ տալու բանակցութեան կայացման օժանդակելու ուքրանական դիմումը:
Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին կոչ ուղղած է` անմիջապէս դադրեցնելու Ուքրանիոյ մէջ կրակոցը: Ըստ տեղեկութիւններուն զրոյցը 1,5 ժամ տեւած է: Մաքրոն Փութինին առաջարկած է յառաջիկայ օրերուն կապի մէջ մնալ, որպէսզի Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան վատթարացում չարտօնեն, Ռուսիոյ նախագահը համաձայնած է:
Քրեմլին իր կարգին յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահը յոյս յայտնած է, որ տագնապը կը լուծուի Քիեւի հետ երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով: Փութին ըսած է, որ Ռուսիան պատրաստ է Ուքրանիոյ ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութիւններուն եւ ընդգծած. «Նման լուծումը հաւանական է միայն, եթէ անվերապահօրէն հաշուի առնուին Ռուսիոյ անվտանգութեան ոլորտին վերաբերող օրինական շահերը, ներառեալ Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի գերիշխանութեան ճանաչումը, ուքրանական պետութեան ապառազմականացման ու ապանացիականացման խնդիրներու լուծումը եւ անոր չէզոք կարգավիճակի ապահովումը»:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել իր կարգին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը արբանեակներէ ստացուած տեղեկութիւններով կ՛օժանդակէ Ուքրանիոյ:
Ռուսական ուժերը երէկ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքին մէջ գրաւեցին երկու փոքր քաղաքներ, ինչպէս նաեւ Զապարոժիա հիւլէական կայանի շրջանը, իսկ այլ շրջաններու մէջ բուռն դիմադրութեան հանդիպեցան:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ դաշնակիցները կ՛ուժեղացնեն Ուքրանիոյ հակաօդային հրթիռներու, հակահրասայլային զէնքերու, մարդասիրական ու ելեւմտական օժանդակութիւնները, սակայն ընդգծեց. «Ուքրանիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի պարտադրման կարելիութիւնը կը բացառենք»:
Ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը երէկ գրեց. «Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութեան հիմնական նպատակը` Տոնպասի մէջ Քիեւի վարչակարգի եւ ազգայնական խմբաւորումներու ուժերու մեկուսացումն ու պաշարումը իրագործուելու եզրին է»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց. «Շարք մը իսրայէլացիներ որոշած են ընդառաջել Ուքրանիոյ կոչին եւ անոր կողքին կռուիլ»:


