Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղարիպաշվիլին Բացատրած Է, Թէ Ինչո՛ւ Վրաստանը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Չի Կիրարկեր

March 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստան Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ չկիրարկեց, որովհետեւ ատկէ պիտի տուժէ Վրաստանի բնակչութիւնը: «Նովոսթի-Կռուզիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կառավարութեան նիստէն առաջ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի:

«Երբ խօսքը պատժամիջոցներու կիրարկման մասին է… Ինձմէ ի՞նչ կը խնդրեն: Որ ես ժողովուրդիս դէմ պատժամիջոցնե՞ր հաստատեմ: Իսկ ո՞վ ատկէ պիտի վնասուի: Մեր բնակչութիւնը, մեր տնտեսութիւնը, աւելի քան մէկ միլիոն մեր հայրենակիցները, որոնք պիտի չկարենան ելեւմտական գործարքներ կատարել եւ այլն», ըսած է Ղարիպաշվիլի:

Վրաստանի վարչապետը ընդգծած է, որ ինք Վրաստանի ազգային շահերէն մեկնելով կը գործէ:

«Ուստի անգամ մը եւս կ՛ուզեմ նշել, որ այդ աւելորդ զգացումները ոչ մէկ բանի պիտի յանգեցնեն, ընդհակառակն` կը վնասեն մեր ազգային շահերուն, մեր ժողովուրդի շահերուն», ընդգծած է Ղարիպաշվիլի:

Ան աւելցուցած է, որ բոլոր միջազգային ձեւաչափերուն ծիրին մէջ Վրաստանը Ուքրանիոյ աջակցութիւն յայտնած է: Վրաստանը զօրակցած է Ռուսիոյ կազմակերպութեան անդամակցութիւնը կասեցնելու մասին Եւրոպական խորհուրդի որոշումին, ինչպէս նաեւ աջակցած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւին:

Վրաստանի մեծագոյն ընդդիմադիր Միացեալ ազգային շարժում կուսակցութիւնը երկրի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ մասնակիօրէն միանալու Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն, որոնք հաստատուած են Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան պատճառով:

«Վրացի ժողովուրդին անունով դուք պէտք է միանաք օդային տարածքի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցներուն», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ ազգային շարժումի նախագահ Նիքա Մելիտան: Ան նաեւ պահանջած է երկրին մէջ ռուսական լրատուամիջոցներու հեռարձակումը արգիլել:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներն Ու Ռուսիան Ուքրանիոյ Հարցին Մէջ Միացեալ Բեմագրութեամբ Կը Գործեն» Կ՛ըսէ Ահմատինեժատ

Յաջորդը

Պլինքըն Եւ «Եօթներու Խմբակ»-ի Անոր Գործընկերները Պիտի Աջակցին Ուքրանիոյ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.