Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կոչած է «Ռուսիոյ ներխուժում»:
Ահմատինեժատ «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Զելենսքիին եւ անոր ընտանիքին արտասահմանի մէջ ապաստան առաջարկած են, իսկ այդ առաջարկին ան մինչեւ հիմա բացասական պատասխան տուած է:
«Ասիկա Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ նախապէս ծրագրուած բեմագրութեան իրագործման համակարգման մասին չի՞ վկայեր», կ՛եզրակացնէ Իրանի նախկին նախագահը:


