Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոհամետ Խէյր. «Ուքրանիայէն Լեհաստան Հասած Լիբանանցիները 4 Մարտէն Սկսեալ Պիտի Փոխադրուին Լիբանան»

March 1, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած լիբանանեան գաղութի անդամներուն հետ կապ հաստատուած է, աւելցնելով, որ այդ գաղութը բաւական կազմակերպուած է, եւ անոնցմէ շատեր արդէն իսկ հասած են Լեհաստան:

Խէյր շեշտեց, որ Ուքրանիա-Լեհաստան սահմանային շրջանին մէջ ողբերգական կացութիւն կը տիրէ` նկատի ունենալով հսկայական թիւը գաղթականներուն, որոնք մեծ թիւով քաղաքացիութիւններ կը ներառեն:

Ան շեշտեց, որ Ուքրանիոյ մէջ տակաւին կան կարգ մը քաղաքներ, ուր կացութիւնը վտանգաւոր է, եւ լիբանանցիները կարելի չէ եղած փրկել այդ քաղաքներէն:

Մոհամետ Խէյր հաստատեց, որ Ուքրանիայէն Լեհաստան հասած լիբանանցիները 4 մարտէն սկսեալ պիտի փոխադրուին Լիբանան:

Նշենք, որ Խէյր նախանցեալ օր յայտնած էր նաեւ, որ որոշուած է Վարշաւայի 31wyzcolenia շրջանին մէջ գտնուող «Երեխաներու հետ բարեկամութիւն» միութեան կեդրոնը վերածել Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիները համախմբելու վայրի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ անոնց Լիբանան փոխադրութիւնը:

«Երեխաներու հետ բարեկամութիւն» միութեան կեդրոնին հետ կարելի է կապ հաստատել հետեւեալ կայքին` www.integracjaserock.pl, եւ հեռաձայնի թիւին` (22) 7826843-509 673 133 միջոցով», ըսած էր ան:

Օսթաշ Գնահատեց Պատերազմը Դատապարտող Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը

Լիբանանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Իհոր Օսթաշ յայտնեց, որ պատերազմին սկիզբէն իսկ Ուքրանիա ջրած է ռուսական բանակին առասպելական ըլլալու իրողութիւնը` աւելցնելով, որ Ուքրանիա առանձինն կը կռուի ռուսական բանակին դէմ:

Օսթաշ յայտնեց, որ ռուսական բանակին յառաջխաղացքը կարելի եղած է կասեցնել ուքրանական ուժերուն մարտավարութեամբ, իսկ վերջին 72 ժամերուն ընթացքին 4 հազար ռուս զինուորներ սպաննուած են:

Օսթաշ շեշտեց, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ բոլոր կենսական կառոյցները թիրախ կը դարձնէ հեռահար հրթիռներով` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատերազմային ոճիրներ գործած է:

Ան հաստատեց, որ Ռուսիա կը ստէ պատերազմը սանձազերծելու իր նպատակներուն մասին` նկատել տալով, որ Փութինի իշխանութեան ժամանակաշրջանը իր աւարտին հասած է:

Օսթաշ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին բոլոր ռուս զինուորները հեռացնել Ուքրանիայէն եւ բռնագրաւուած հողերը, որոնց շարքին նաեւ Խրիմը ազատագրել, ապա խօսիլ խաղաղութեան մասին:

Օսթաշ գնահատեց Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան` պատերազմը դատապարտող հաղորդագրութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն` Ուքրանիոյ նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան համար: «Բազմաթիւ լիբանանցիներ կը հեռաձայնեն մեզի եւ կը փափաքին ուքրանական ուժերուն կողքին կռուիլ», աւելցուց ան:

Ռուտաքով. «Ռուսիա Խաղաղութեան Ջատագով Է, Իսկ Լիբանանի Հաղորդագրութիւնը Երկկողմանի Պատմական Յարաբերութիւնները Հաշուի Չ՛առներ»

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով յայտնեց, որ Ռուսիա Ուքրանիոյ դէմ թշնամական քաղաքականութիւն չ՛որդեգրեր` աւելցնելով, որ Ռուսիա իր անձնական ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի մէջ ռուս քաղաքացիներուն քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու իմաստով իր իրաւունքը կ՛օգտագործէ:

Ռուտաքով նշեց, որ Մոսկուա մնայուն կերպով պահանջած է Մինսքի որոշումներուն գործադրութիւնը` աւելցնելով, որ ուքրանական կառավարութիւնն ու ՕԹԱՆ-ը կ՛անտեսեն Ռուսիոյ սահմաններն ու ռուսերուն քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու Մոսկուայի իրաւունքը:

Ան հաստատեց, որ իրենք պատերազմի դիմաց չեն գտնուիր, այլ` ռազմական գործողութիւններու, որոնք յստակ նպատակներ կը հետապնդեն եւ ուքրանացիները թիրախ չեն դարձներ:

«Ռուսիա խաղաղութեան ջատագով է, իսկ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը լիբանանեան-ռուսական պատմական ու մտերմիկ յարաբերութիւնները հաշուի չ՛առներ, բայց եւ այնպէս անիկա երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ պիտի չազդէ, իսկ դժուար օրերուն է, որ կը գիտնանք մեզի զօրակցող եւ մեզի հակառակող կողմերը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Սէուտական-Ֆրանսական Համաձայնութիւն` Լիբանանցիներուն Մարդասիրական Օժանդակութիւն Հասցնելու Նպատակով

Յաջորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Իրականացուց Տեսակարար Այլ Գործողութիւն Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.