Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երկար հետապնդումներէ ետք կրցած է Թրիփոլիի մէջ ձերբակալել ինքնաշարժներու, յատկապէս` «Քիա» վաճառանիշի ինքնաշարժներու գողութեան ցանցի գլխաւոր «պետ»-ը` ծանօթ «Շաուիշ» ծածկանունով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այս գործողութիւնը Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ իրականացուած տեսակարար գործողութիւն մըն է` նկատի ունենալով, որ ձերբակալուած աւազակը լիբանանեան տարբեր շրջաններէ գողցած է «Քիա» վաճառանիշի 90 ինքնաշարժներ, 30` առանձին գողութիւններ, 60` խմբային աւազակութիւններ, Պեքաայի մէջ ան ինքնաշարժները վաճառած է դրամի եւ թմրեցուցիչի փոխարէն, թմրամոլ է, ինչպէս նաեւ օգտագործած է կեղծուած անձնաթուղթ մը` դիւրացնելու համար շրջանէ շրջան իր փոխադրութիւնը:


