Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բողոքի Ցոյց` Հայաստանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Առջեւ

February 26, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 25 փետրուարին ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամները Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ բողոքի ցոյց կատարեցին` Արցախի հայկական մշակութային յուշարձաններու ինքնութիւնը պահպանելու պահանջով:

Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Դադրեցուցէ՛ք սպիտակ ցեղասպանութիւնը», «Դադրեցուցէ՛ք մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը»:

Անգամ մը եւս մենք ականատես կ՛ըլլանք ազրպէյճանական-թրքական հերթական ցեղասպանական քաղաքականութեան, ըսաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան:

«Այս անգամ Ցեղասպանութիւնը կ՛իրականացուի մեր մշակոյթին հանդէպ: Ընդամէնը հարիւրամեայ պետութիւնը ինքզինք կը հռչակէ մեր հազարամեայ մշակոյթի կրող ու հեղինակ եւ կը փորձէ խեղել մեր բազմադարեան ժառանգութեան հայկական ինքնութիւնը», նշեց ան:

Ղազարեան ըսաւ, թէ իրենք վստահ են, որ հայկական երկու հանրապետութիւններուն իշխանութիւնները այս ուղղութեամբ բաւարար քայլերու չեն ձեռնարկեր, եւ նաեւ վստահ են, որ անոնց զուգահեռ Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է շարունակաբար պահանջատէր ըլլան այդ հարցին մէջ:

«Այստեղ հաւաքուած են մարդիկ, որոնք ունին որոշակի ինքնութիւն եւ այդ ինքնութենէն բխող մտահոգութիւն», յայտնեց միութեան անդամ Տիգրան Չանդոյեան:

Ցուցարարները մտահոգ են Ազրպէյճանի մշակոյթի նախարարին այն յայտարարութենէն, որուն համաձայն, Ազրպէյճան կազմած է յատուկ մասնագէտներու յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող «աղուանական» մշակութային կոթողներու «ինքնութեան վերականգնմամբ»:

Տիգրան Չանդոյեան նշեց, որ այս ցոյցէն բացի, իրենք կը նախատեսեն կազմակերպել ցուցահանդէս մը, որուն մէջ ներառուած պիտի ըլլան լուսանկարները մշակութային այն  կոթողներուն, որոնք այսօր կը գտնուին անմիջական վտանգի տակ:

 

Նախորդը

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Ուքրանիոյ Դէմ Ռուսիոյ Սանձազերծած Պատերազմը

Յաջորդը

Պապիկեան Եւ Շոյկու Անդրադարձան Հայաստանի Բանակի Արդիականացման Եւ Բարեփոխումներուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.