Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը դատապարտէ Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ սանձազերծած պատերազմը, կոչ կ՛ուղղէ Ռուսիոյ անմիջապէս կասեցնելու զինուորական գործողութիւնները եւ վերադառնալու երկխօսութեան ու բանակցութիւններու ընտրանքին:
Լիբանանի մէջ ռուսական դեսպանատունը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի կեցուածքը զարմանք պատճառած է իրենց` նկատի ունենալով, որ Լիբանան խախտած է իր իսկ որդեգրած` տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութիւնը եւ այս իմաստով կողմնակալ կեցուածք որդեգրած է, մինչդեռ Ռուսիա միշտ զօրակցած է Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ դեսպաններ Անն Կրիոն եւ Անտրէաս Քինտըլը, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիբանանին` անոր հրապարակած դատապարտումի հաղորդագրութեան համար եւ մաղթեցին, որ Լիբանան իր որդեգրած այդ կեցուածքը կը պահէ անփոփոխ, ինչպէս նաեւ պահանջեցին, որ Լիբանան քուէարկէ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Ուքրանիոյ տագնապին մասին տրուելիք որոշումին:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանանի կեցուածքը կը բխի միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն նկատմամբ անոր յանձնառութենէն:
Անդրադառնալով Կրիոյի եւ Քինտըլի պահանջին` Պու Հապիպ յայտնեց, որ Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդին տալիք որոշումին պիտի չքուէարկէ` աւելցնելով, որ Ընդհանուր ժողովին հասնելու պարագային Լիբանան իր կեցուածքը պիտի համադրէ արաբական երկիրներուն հետ:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ լիբանանեան կեցուածքը ներկայացնող հաղորդագրութիւնը Ռուսիոյ կամ Լիբանանի բարեկամ որեւէ այլ երկրի դէմ չէ ուղղուած, այլ` սկզբունքային կեցուածք մըն է, որ Լիբանան կ՛որդեգրէ նման տագնապներու պարագային:
Պու Հապիպ շեշտեց նաեւ, որ ինք նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցած է Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի հետ եւ ներում հայցելով նկատել տուած է, թէ Լիբանան ռուսական զինուորական գործողութիւնները դատապարտող կեցուածք մը որդեգրելու սեմին կը գտնուի:
«Հանդիպումին ընթացքին հաստատեցի, որ այս կեցուածքը Ռուսիոյ դէմ չէ ուղղուած, եւ չենք փափաքիր, որ անիկա խախտէ լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները», նշեց ան:
Նշենք, որ Պու Հապիպ յայտնեց, որ նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի Ուքրանիա գտնուող լիբանանցիներուն վիճակին` աւելցնելով, որ իրենք յատուկ շտապ մը կազմած են, որպէսզի գործակցին Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ, Ռումանիոյ եւ Լեհաստանի մէջ Լիբանանի դեսպաններուն հետ եւ կազմակերպեն լիբանանցիներուն փոխադրութիւնը:
Պու Հապիպ նշեց նաեւ, որ յառաջացուցած են ելեկտրոնային յաւելուած մը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ հարթակ` անունները արձանագրելու բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին Ուքրանիայէն հեռանալ:
Իր կարգին, Ուքրանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Տահեր յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի, որ Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիները ապահով կերպով Լեհաստան փոխադրուին:
Անդրադառնալով նախարարութեան հաղորդագրութեան` Տահեր յայտնեց, որ անիկա հրապարակուած է նախարարութեան կողմէ, եւ ինք` իբրեւ պաշտօնեայ, կը հետեւի այդ որոշումին:
Միւս կողմէ, Լեհաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանը պահանջեց արտօնել, որ Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքացիները անցնին Լեհաստան:
Պէտք է աւելցնել, որ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը Լիբանանի կեցուածքը չ՛արտայայտեր, որովհետեւ Լիբանան կը հպարտանայ Ռուսիոյ հետ իր ունեցած պատմական յարաբերութիւններով:
Իր կարգին, Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին յանձնարարելու Պու Հապիպին յետս կոչելու դատապարտումի հաղորդագրութիւնը եւ ներում հայցելու Ռուսիայէն:


