Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբ արդարութեան նախարարներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանի նախագահ, Ալճերիոյ արդարութեան նախարար, դատաւոր Ապտել Ռաշիտ Թըպպիի:
Թըպպի նախագահ Աունին յայտնեց Ալճերիոյ եւ ալճերիացիներուն բարեմաղթութիւնները` աւելցնելով, որ Ալճերիոյ համար Լիբանանը կարեւոր է:
Ան շեշտեց, որ ալճերիացիները լիբանանցիներուն հանդէպ յատուկ սէր կը տածեն:
Իր կարգին, նախագահ Աուն ողջունեց արաբ արդարութեան նախարարներուն Լիբանան այցելութիւնը` հաստատելով, որ Պէյրութ իր դռները կը բանայ բոլորին, յատկապէս` իր արաբ եղբայրներուն դիմաց:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կը փափաքի գործակցիլ արաբական բոլոր երկիրներուն հետ, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւն ձեւաւորել` ամրապնդելու համար այդ երկիրներուն օրէնքները:
Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց խորհուրդին աշխատանքներուն:
Նշենք, որ նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզին` Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնին առիթով:
Նախագահ Աուն իր բարեմաղթութիւնները յղեց թագաւորին ու գահաժառանգ իշխանին` նկատել տալով, որ Սէուտական Արաբիա կը շարունակէ տոկալ ու դիմակալել իրեն դէմ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրները ու դէպի ապագայ նայիլ:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու պատասախանատու «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» միջազգային ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ճէյմս Տանիել եւ Փոլ Շարմա:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Կեդրոնական դրամատան մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ Քրիսթել Ուաքիմ:
«Ալվարեզ էնտ Մարսըլ»-ը ներկայացնող պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին ներկայացուց իր կատարած աշխատանքներն ու արժեւորումը` Կեդրոնական դրամատան տրամադրած տեղեկութիւններուն մասին:
Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին տեղեկութիւններու արժեւորման հոլովոյթը աւարտի:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ կատարուած ապահովական տեսակարար գործողութեան համար:
Քննարկուեցան նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները, յատկապէս արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութիւնը դիւրացնելու իմաստով կատարուող աշխատանքները:
Նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ` քննարկելու համար այն միջոցառումները, որոնց պէտք է դիմուի ապահովելու համար Ուքրանիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր հողային, ծովային եւ օդային ամբողջական իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Իսրայէլի կողմէ միշտ Լիբանանի դէմ գործուած թռիչքները դատապարտելի են եւ պահանջեց, որ ՄԱԿ ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ այդ բռնաբարումները:
Հանդիպումի աւարտին նախագահ Աուն Տել Քոլը պարգեւատրեց Մայրիներու «Հրամանատար»-ի աստիճանի շքանշանով:


