Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հ. Յ. Դ. 34-րդ Ընդհանուր Ժողովին ընդառաջ. Սփիւռքեան Նախագիծի Մը Հրամայականը

February 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Dashnak

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նոյեմբեր 2004-ին, ՀՅԴ Բիւրոն նախաձեռնեց Լիբանանի մէջ կուսակցութեան եւ ուղեկից կազմակերպութիւններու խորհրդաժողովի մը: Նախաձեռնութիւնը նախընթաց չունէր կուսակցութեան թէ ուղեկից միութիւններու տասնամեակներու պատմութեան մէջ եւ կը խոստանար դարձակէտային ըլլալ հետեւեալ հիմնաւորումներով.

Իրականացած էր

  • ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր ժողովի «Դէպի Երկիր» կարգախօսով բանաձեւուած կուսակցութեան եւ ուղեկից միութիւններու կազմակերպական վերադարձը հայրենիք:
  • Անկախութեան յաջորդած տասնամեակը, 20-րդ դարու վերջինը, եղած էր, եթէ կարելի է ըսել, անցումային ժամանակ մը իր վերիվայրումներով: Երկրաշարժի օժանդակութեան, Արցախի ազատագրական պայքարի մասնակցութեան թէ անկախութեան նախապատրաստական քայլերուն ներդրումի խանդավառութեան յաջորդած էր կարծր իրականութեան գիտակցումի հրաւէրը. Դաշնակցութեան նախագահական թեկնածու Սօս Սարգսեանի ստացած հազիւ չորս տոկոսի քուէները 1991-ի ընտրութիւններուն, Հայաստանի նախկին առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի բացայայտօրէն սփիւռքամերժ դիրքը, ՀՅԴ Բիւրոյի հերթապահ Հրայր Մարուխեանի արտաքսումը 1992-ին եւ կուսակցութեան արգիլումը 1994-ին:
  • Փետրուար 1998-ի իշխանափոխութիւնը, Հայաստան-սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը 1999-ին, անմիջապէս յետոյ` հոկտեմբեր 27-ին, Խորհրդարանի մէջ սպանութիւններու ցնցումին յաջորդած դժուար հանգրուանին դիմագրաւումը` օրուան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողքին կենալով, 2002-ին «Դաշնակցութեան ընկերվարական գործը Հայաստանի մէջ» խորհրդաժողովը… այս բոլոր իրադարձութիւնները իրենց կարգին կը յուշէին, որ, հակառակ նախորդ տարիներու պատճառած դառնութեան, կուսակցութիւնն ու անոր գաղափարակից կազմակերպութիւնները, այնուամենայնիւ, յաջողած էին հայրենիք վերադառնալ` շրջանցելով մինչեւ անկախութիւն բացառաբար սփիւռքի մէջ գործող այլ կազմակերպութիւններու ներքին պառակտման փորձութիւնը:
  • Այս կը նշանակէր, որ Դաշնակցութիւնն ու իր ուղեկից կազմակերպութիւնները ունէին իրենց գաղափարախօսական յատուկ ուղին կերտելու կարողականութիւն: Այսինքն` չմնալ լոկ գրասենեկային կազմակերպութիւններ, այլ` տարածուիլ ժողովուրդին մէջ, ըլլալ այլընտրանք, ձեռք բերել այն ժողովրդականութիւնը, յանձնառու շարքայիններու եւ միութենականներու այն հատուածն ու համակիրներու այն թիւը, որ սփիւռքի մէջ կերտուած եւ պահպանուած է մինչ օրս:

Խորհրդաժողովի կիզակէտին էր սփիւռք-Հայաստան համարկումը, ինչ որ լոկ համագործակցութենէ անդին գործընթաց եւ համապատասխան օրակարգ կ’ենթադրէր: Հորիզոնին` համահայկականութիւնն էր 21-րդ դարուն, որքան ալ որ յղացքը այն ժամանակ գործածութեան մէջ չէր դրուած, ոչ` առնուազն նման հնչեղութեամբ: Լաւատեսութիւն կար այդ օրերուն, եւ լաւատես ըլլալը միամտութիւն չէր: Աւելի՛ն, խորհրդաժողովը օրուան ղեկավարութեան տեսլականի՛ առկայութեան փաստ էր` այնպէս, ինչպէս պատմական տարբեր առիթներու եղած է: Այդ տեսլականի իրականացման վստահութիւնը կա՛ր, եւ թերեւս այդ էր պատճառը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ այդ նախաձեռնութեան առթած մեծ խանդավառութեան:

Յստակացնենք, որ, երբ տեսլականի մասին կը խօսինք, ուշադրութեան առարկայ են միտքերը, գաղափարները, յղացքները: Նկատի ունինք իրադարձութիւններէն ծնունդ առած, բայց անոնցմէ անդին անցնող վերլուծումի տեսակ մը, որ հասարակագիտութեան թէ պատմաբանութեան ակադեմական ոլորտներու մէջ ծանօթ է որպէս «մտաւորական պատմութիւն»: Հաւաքականութիւններու պատմական գործընթացին մէջ անկիւնադարձային պատահարներ կրնան բեկում յառաջացնել նաեւ քաղաքական մտածողութեան մէջ եւ ծնունդ տալ նոր խօսոյթներու, վերանորոգել ինքնաճանաչման յղացքներու իմաստը եւ համապատասխան աշխատանքային օրակարգ ճշդել:

Բայց նոր մտքերն ու գաղափարները կեանքի կը կոչուին հասարակագիտութեան մէջ ծանօթ «հասարակական կառուցում»-ի (social construction) գործընթացով, որ, իր կարգին, կ’ենթադրէ յանձնառու եւ հմուտ ղեկավարութիւն, այսինքն` պայմանաւորուած է մարդկային գործօնով: Հաւաքականութիւններու առօրեային մէջ, այս պարագային` սփիւռքի, մտքերու փոխանակումը բնական ու անխուսափելի է, եւ կ’արտայայտուի հրապարակագրութեամբ, ակադեմական թէ մասնագիտացած ոլորտներու մէջ մտքերու փոխանակումով, հանրային բանավէճով ընդհանրապէս, թէկուզ երբ այդ բոլորը ու բախման մեծ խառնիճաղանճի մը պատկերը ներկայացնեն: Այդ մէկը, սակայն, անպայմանօրէն չի նշանակեր տեսլականի առկայութիւն կամ տեսլականի համազօր եւ հաւաքական զօրաշարժի ատակ գաղափարի կառուցման կարողութիւն: Ընդհակառակը, ըստ Հայկական սփիւռքի հարցախոյզին (2019), սփիւռքի «մեծագոյն մարտահրաւէրը» «հայ համայնքէն ներս զօրաւոր, տեսիլք ունեցող ղեկավարութեան բացակայութիւն»-ն է:

Նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովը վերանորոգ տեսլականի մը յոյս ստեղծեց Հայաստան-սփիւռք համարկումի օրակարգի մը հեռանկարով ներկայացուող երեք թեմաներով, զորս Բիւրոն առանձին գրքոյկով հրատարակեց յաջորդ տարի` «Հայութիւնը այսօր. համարկման խնդիրներ» շատ յատկանշական խորագիրով (հրատարակութիւն` ՀՅ  Դաշնակցութեան, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2005):

Այդ երեք թեմայէն առաջինը Յարութիւնը Քիւրքճեանի «Սփիւռքը երէկ եւ այսօր – ինքնութեան հարցադրումներ» վերլուծումն էր: Երկրորդը Մկրտիչ Մկրտիչեանի շատ յստակ առաջարկն էր` «Մշակում հայերէնի լեզուամշակութային քաղաքականութեան որպէս հայութիւնը միաւորող ազդակ»: Երրորդը այս տողերուն հեղինակին` «Սփիւռքի նոր օրակարգը. Ինքնութեան, յանձնառութեան ու զօրաշարժի մարտահրաւէրները համաշխարհայնացման ոլորտին մէջ» ներկայացում-առաջարկն էր: Երեք նիւթերն ալ կը վերաբերէին համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ հայութեան համարկումին դէպի այն, որ յաճախ կը գործածուի որպէս լոզունգ ու հռետորութիւն` մէկ ազգ:

Այսպէս, ՀՅԴ եւ ուղեկից միութիւններու առաջին այդ հանդիպման կիզակէտ հանդիսացած «համարկում» հասկացողութիւնը սեղանի վրայ կը դնէր 1988-ին Ղարաբաղեան շարժումով ծնունդ առած եւ յաջորդ վեց ճակատագրական տարիներուն զարգացած ազգային միասնականութեան խնդիրը, որ 1992-1994 տարիներուն հակադաշնակցական հալածանքներով ընդմիջուեցաւ եւ 1998-էն ետք կրկին բերուեցաւ օրակարգի վրայ: 2004 նոյեմբերի խորհրդաժողովը կու գար յուշելու, որ համաշխարհայնացման պայմաններու մէջ հայութեան համարկման համար Դաշնակցութիւնն ու իր ուղեկից միութիւնները ունէին կազմակերպական իւրայատուկ կարողականութիւն համահայկական զօրաշարժը վերածելու համար համակարգուած գործընթացի:

Այս բոլորը կը թուի տեսական մտամարզանք կամ միամիտ լաւատեսութիւն: Բայց իրողութիւն է, որ նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովը եղաւ ներշնչման աղբիւր ե՛ւ սփիւռքի մէջ մեր կազմակերպական արդիականացման համար, ե՛ւ քննարկելու հայութեան համարկման խնդիրները: Օրինակի կարգով նշենք ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի երկու առիթներով կազմակերպած շրջանային մասշտապով (Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ) կուսակցութեան եւ իր ուղեկից միութիւններու խորհրդաժողովները: Կամ` «Հայերը եւ ձախը» խորհրդաժողով/միջոցառումներու տարիներու վրայ երկարող շարքը` փորձելով Հայաստանի եւ հայութեան կացութիւնը ընկալել ու բացատրել օրուան յառաջդիմական գործընթացներու տրամաբանութեան մէջ եւ որպէս մասնակից` համամարդկային յառաջընթացի պայքարին:

Դժբախտաբար, սակայն, նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովը ծնունդ չտուաւ կազմակերպական արդիականացման բնորդի մը` դիմագրաւելու համար 21-րդ դարու մարտահրաւէրները: Իր տեսակին մէջ եզակի, աննախընթաց եւ տեսլականային այդ նախաձեռնութիւնը չունեցաւ շարունակականութիւն, մնաց օրին առնուած ad hoc որոշումով իրականացած միջոցառում: Ոչ իսկ կուսակցութեան եւ ուղեկից միութիւններու այդ հանդիպման միջոցը վերաթարմացաւ ըսենք Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներու նախօրեակին, ինչ որ թերեւս այդ մեծ հանդիսութիւններուն կրնար եւ տալ որոշ բովանդակութիւն, խթան հանդիսանալ քննադատական մտածողութեան, կամ առնուազն համակարգէր կուսակցութեան եւ իր ուղեկից միութիւններու պատգամը համայն հայութեան:

Ի մասնաւորի` նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովէն ծնունդ չառաւ սփիւռքի առանձին օրակարգ, ոչ ալ սփիւռքի մասին ինքնուրոյն մտածողութիւն` 21-րդ դար փոխադրելու համար 1960-70-ական թուականներուն սկսած եւ զարգացած մտաւորական, գրական եւ քաղաքական ամբողջ շարժում մը, որ լաւագոյնս կարելի է բնութագրել Վահէ Օշականի մէկ բանաստեղծութեան «Սփիւռք ըլլալ մը կայ» տողով: Այդ շարժումը կամայ թէ ակամայ ինքնազսպուեցաւ ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք` «Դէպի Երկիր» անկիւնադարձով:

Ի բացակայութիւն սփիւռքի օրակարգին, սփիւռքի հարցերը քննարկուեցան բացառաբար սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու հարթակին վրայ, ընդ որում հիմնականօրէն մէկ նիւթով. ի՞նչ պէտք է ընէ սփիւռքը հայրենիքին համար: Ենթաթեքստը այն ենթադրութիւնն է, որ սփիւռքը առանց հայրենիքի գոյութիւն կամ իմաստ չի կրնար ունենալ: Թապու եղաւ անոր հակառակ տրամաբանութիւնը դնել հրապարակային քննարկման. ի՞նչ կարեւորութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանը միջազգային յարաբերութիւններու մէջ, եթէ չըլլայ սփիւռքը… Անշուշտ քաղաքական «կորեկտութիւնը» կը թելադրէ հրապարակային շատ բան չնշանակող «փոխ-լրացուցչութեան» ֆորմուլան: Կամ, եթէ սփիւռքը շոյելու հարկ ըլլար, «ռազմավարական նշանակութիւնը» կը սպրդէր այլեւս շատ սահմանափակ բառապաշարով ճապաղ ազգայնական հրապարակային ճարերուն, ընդհանրապէս` խօսոյթին, մէջ… Եւ այս` թէ՛ պետական, եւ թէ՛ ոչ պետական մակարդակներով:

Սփիւռքի օրակարգի եւ ինքնուրոյն մտածողութեան բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ, որ սփիւռքի համարկումը հայրենի իրականութեան գործընթացներուն որոշուի Հայաստանի քաղաքական իշխանախաւին կողմէ, որ երբեք հաշտ աչքով չէ դիտած սփիւռքի ամբողջական մասնակցութիւնը հայրենի գործընթացին` ձայնի եւ քուէի իրաւունքով: Կամ ալ երբ միջոց բացած է այդ ուղղութեամբ յառաջանալու, միշտ սահմաններ դրած է, որպէսզի սփիւռքին մօտ չստեղծուի քաղաքական գործընթացներուն ազդելու որեւէ լծակ ունենալու յոյս: Փաստօրէն, Քոչարեանի կողմէ Քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութեան խոստումին իրականացումը ամբողջ եօթը տարի առաւ: Օրէնսդիր մարմնին մէջ սփիւռքեան ներկայացուցչութեան առաջարկը տարբեր ձևաչափերով երբեք քաղաքական օրակարգի չանցաւ: Ոչ իսկ անոր այլընտրանք համահայկական խորհուրդ մը յառաջացաւ: Ինչ կը վերաբերի բացառաբար սփիւռքեան հիմնախնդիրներու, արեւմտահայերէն եւ դասական ուղղագրութիւն, Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին կամ հասարակութեան համար անոնք պարզապէս չկան հակառակ նորէն յաւուր պատշաճի յայտարարութիւններու կամ ad-hoc նախաձեռնութիւններու:

Հարցը այն չէ, որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը այս վերաբերմունքը ունի սփիւռքի նկատմամբ: Հարցը այն է, որ` քանի որ սփիւռքի օրակարգ չէ ստեղծուած, սփիւռքի զօրաշարժի ամէնէն ատակ գաղափարական շարժումը` ՀՅԴ-ն եւ իր ուղեկից միութիւնները չունին նաեւ լոպիինկի կարողութիւն Հայաստանի մէջ: Այդ մասին իսկ չէ մտածուած, որովհետեւ իւրաքանչիւր կազմակերպութեան գործունէութիւնը առանձին, կամ բոլոր կազմակերպութիւններու գործունէութեանց գումարը, չի կրնար նման գործօնի վերածուիլ, եթէ չունի նպատակաուղղուած կազմակերպուածութիւն եւ շարունակականութիւն:

Նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովէն ետք, միայն մէկ առիթով ՀՅԴ Բիւրոն յատուկ սփիւռքի ուսումնասիրութեան յանձնախումբ մը յառաջացուց: Այդ եղաւ 2016-ին, ընկեր Վարանդ Փափազեանը գրեց վերջնական զեկուցումը, որ այնպէս ալ մնաց թուղթի վրայ: Ուշադրութիւնը մնաց սեւեռած ներհայաստանեան իրադարձութիւններուն վրայ, եւ սփիւռքի մէջ կազմակերպական վերաշխուժացման ատակ ամէնէն կարողական գաղափարական շարժումը, ամէնէն ատակը համահայկականութեան տալու կենդանութիւն, անհրաժեշտ ուշադրութիւն չդարձուց փոխուող սփիւռքի մը իրականութեան: Հոկտեմբեր 2021-ին ՀՅԴ Բիւրոն նախաձեռնեց ուղեկից կազմակերպութիւններու ղեկավար մարմիններու առցանց խորհրդաժողովի մը: Ձեւաչափը նոյեմբեր 2004-ի խորհրդաժողովը չէր, բայց համավարակի թէ այլ պայմաններու ստիպողութեամբ հանդիպումը առցանց յաջողութեամբ կազմակերպելու փաստը ինքնին խօսուն է կազմակերպական արդիականացման ինքնապարտադիր հրամայականին:

Բայց այդ մէկը ամենատարրական` արհեստագիտութեան մակարդակին պիտի չմնայ: Հայութեան համարկումը, համահայկականութեան յարացոյցի շղթայազերծումը իր հռետորաբանական սահմանափակումներէն, եւ, մանաւանդ, սփիւռքի ինքնուրոյնութեան վերընձիւղման անհրաժեշտութիւնը որպէս նախապայման այդ երկուքի մեկնարկումին կը պահանջէ մտաւորական եւ գործնական յանձնառութիւն: Այլապէս, եւ լաւագոյն պարագային, սփիւռքի արդիականացումը պիտի մնայ ծիրին մէջ զուտ տեղայնական բնոյթի նախաձեռնութիւններու, որոնք գոնէ մինչեւ հիմա չունին համահայկական զօրաշարժի այն մասշտապը, զոր ՀՅԴ-ն եւ անոր ուղեկից կազմակերպութիւնները ունին:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառը 2022-ը յայտարարեց «Սփիւռքի տարի»` գիտակցելով որ անկախութենէն երեսուն տարի անց անհրաժեշտ է վերադառնալ դէպի սփիւռք եւ վերամտածել անոր յարացոյցին մասին`  քառասունչորսօրեայ պատերազմի դառն փորձառութեան լոյսին տակ: ՀՅԴ-ն 34-րդ Ընդհանուր ժողովի կազմակերպումը կը զուգադիպի վեհափառին նախաձեռնութեան: Զուգադիպութիւնները կրնան իմաստաւորուիլ, եթէ նախաձեռնութիւններ գան անոնց կարեւորութեան գիտակցումին փաստը տալու: Այնպէս, ինչպէս հայութեան նոր իրավիճակին գիտակցումը 1907-ին յանգեցաւ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած Կովկասեան նախագիծի յառաջացման, այսօր ալ, ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին սփիւռքեան գոյավիճակի գիտակցումը սեղանի վրայ պէտք է դնէ սփիւռքեան օրակարգի, սփիւռքեան Նախագիծի, ծրագրաւորման եւ որդեգրման հրամայականը` որպէս քաղաքական որոշում:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

«Ա­զատ Օր» Կը Թե­ւա­կո­խէ Իր Հրա­տա­րա­կու­թեան 78-րդ ­Տա­րին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.