Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի. «Սէուտական Արաբիա Իւրաքանչիւր Արաբի Եւ Իսլամի Խղճին Մէջ Յատուկ Տեղ Կը Գրաւէ»

February 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ Ազգային տօնին առիթով վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իւրաքանչիւր արաբի եւ իսլամի խիղճին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէ` աւելցնելով, որ Լիբանան կը պարծենայ լիբանանեան-սէուտական պատմական յարաբերութիւններով, ինչպէս նաեւ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու Ռիատի պատրաստակամութեամբ:

Վարչապետ Միքաթի շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարութիւնն ու սէուտցիները եւ մաղթեց, որ անոնք յաւելեալ բարգաւաճում եւ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրեն:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմը, որուն հետ քննարկեց հաղորդակցութեան մարզի աշխուժացման վերաբերող թիւ 431/2002 օրէնքը, ինչպէս նաեւ Հաղորդակցութեան մարզի աշխատանքները համակարգող խորհուրդի վարչական անդամներուն եւ «Լիպան թելեքոմ»-ի վարչութեան նշանակման կապուած հարցեր:

Քըրըմ հաստատեց, որ ինք այս թղթածրարներուն հետ կապ ունեցող բոլոր պատասխանատուներուն հետ կը գործակցի` դրական մթնոլորտի մէջ:

Նախարարութեան մատուցած ծառայութիւններուն սակը բարձրացնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քըրըմ յայտնեց, որ այդ հրամանագիրը գրեթէ պատրաստ է, սակայն անիկա պիտի ստուգուի Պետական շուրային կողմէ, որուն համաձայնութենէն ետք կը ներկայացուի կառավարութեան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի «Ալֆա» եւ «Թաչ» հեռաձայնային ընկերութիւններուն, ապա այդ հարցը մօտիկ ապագային պիտի ներկայացուի կառավարութեան նիստին:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման, նախկին նախարար եւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն եւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ:

Քննարկուեցան տարբեր շրջաններու կարիքները, ինչպէս նաեւ երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, առողջապահութեան նախարար Ֆիրաս Ապիատ վարչապետարանին մէջ նախագահեց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նախարարական յատուկ յանձնախումբի նիստին, որմէ ետք ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց այդ իմաստով տրուած նոր որոշումները:

Ապիատ հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւերը նուազած են, «ինչ որ առիթ կու տայ մեզի դասաւորումները մեղմացնելու, սակայն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստուելու հոլովոյթին դանդաղեցումը իր կարգին պատճառ կը դառնայ, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու միջոցառումները նուազին», ըսաւ ան:

Առողջապահութեան նախարարը հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը տակաւին չէ վերջացած` աւելցնելով, որ «Քորոնա»-ի նոր տարբերակներ պիտի հասնին Լիբանան, հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլալ եւ նախազգուշութիւններուն կառչած մնալ:

 

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Զօր. Տել Քոլի Հրաժեշտի Այցելութիւնը

Յաջորդը

«Կը Յուսանք, Որ Ծածուկ Չարաշահումի Նոր Ձեւեր Չեն Գտնուիր» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.