Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3978 վարակուածներ եւ մահացած 18 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.750 լ. ոսկիի:

ՔԱԹԱՐԻ ուժանիւթի նախարար Սաատ Քաապի յայտնեց, որ Քաթար կը ջանայ երկարաժամկէտ օժանդակութիւն տրամադրել Լիբանանին` ուժանիւթի մարզին մէջ` աւելցնելով, որ Տոհա ուրախ է նաեւ, որ Լիբանանի համար կարճաժամկէտ լուծում մը գտնուած է եգիպտական կազի տրամադրումին առումով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 4800 լ. ոսկիով, 98 օքթանը` 3800 լ. ոսկիով, մինչդեռ տիզըլ օյլին սակը նուազած է 2000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 4300 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը վերածուած է 362.000 լ. ոսկիի, 98 օքթան պենզինը 371.000 լ. ոսկիի, մազութը` 331.000 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 276.000 լ. ոսկիի:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ցրուումի ընկերութեանց ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պենզինի տագնապ պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ մազութի տագնապին պատճառը այն է, որ լիբանանեան պետութիւնը լիբանանեան շուկային համար բաւարար չափով մազութ չի ներածեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պահպանել Լիբանանը եւ Դիմադրութեան հետեւորդները` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն իրենց կարողութիւններով շէնցնելու երկիրը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման համար համակարգող խորհուրդի անդամներուն նշանակումը դարձեալ յետաձգել կը նշանակէ անորոշութեան մէջ ոստում մը կատարել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ, իր խօսքը ուղղելով ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատին, յայտնեց, որ ելեկտրականութեան մարզի բարեկարգումին նպատակով անոր առաջարկած ծրագիրը վերացական է եւ Ելեկտրականութեան մարզի կարգաւորման համար համակարգող խորհուրդի անդամներուն նշանակման հոլովոյթը ձախողցնելու վատ փորձ մը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները քաղաքական «Յուլիսեան պատերազմ» մը կը նկատուին, որովհետեւ պահանջուածը Դիմադրութեան զէնքն է, Դիմադրութիւնը եւ անոր հասարակութիւնը, որպէսզի Լիբանանի մէջ հրահանգը յանձնուի Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն:

Ան հաստատեց, որ ընտրական կաշառքը սկսած է արդէն եւ իւրաքանչիւր քուէի սակ կը տարուբերի 50-100 տոլարի միջեւ: «Մեր ընկերութեան մէջ արժանապատուութիւնն ու ինքնասիրութիւնը շատ աւելի բարձր են, եւ ոչ ոք կրնայ նման առաջարկով վնաս պատճառել մեզի», հաստատեց ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ թուիթըրեան գրառումով մը պատասխանեց Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Ամին Սէյիտի յայտարարութեան` ըսելով, որ աւելի ճիշդ է ըսել, թէ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները քաղաքական ազատագրումի պատերազմ մը կը նկատուին: Միւս կողմէ, Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Ազգային ազատականներ կուսակցութեան ղեկավար Քամիլ Շամունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մեկնումի պահուն Շամուն յայտնեց, որ երեսփոխանական այս ընտրութիւնները ճակատագրական են, եւ իւրաքանչիւր լիբանանցի պէտք է իմանայ, որ իր քուէն արժէքաւոր է եւ անիկա կրնայ երկրին իրականութիւնը փոխել:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, թէ ինք երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պիտի չյառաջադրէ` աւելցնելով, որ միշտ պիտի պայքարի Պէյրութի պաշտպանութեան համար: Մաշնուք հաստատեց, որ Լիբանան կը գտնուի քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ զինուորական ճահիճի մէջ:

 

 

 

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկու Ժամանակ, Մէկ Իրականութիւն, Մէկ Դաս

Յաջորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Յաջողեցան Կասեցնել 700.000 «Քեփթակոն» Դեղահատ Մաքսանենգելու Գործողութիւնը

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.