Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տոհա Այցելութիւնս Քաթարի Եւ Իրանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր Էջ Կը Բանայ» Կ՛ըսէ Ռայիսի

February 22, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի պաշտօնական հրաւէրին ընդառաջելով այցելեց Տոհա: Ասիկա անոր նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք Ծոցի արաբական երկրի մը առաջին այցելութիւնն էր:

Իրանի նախագահը Քաթարի իշխանին հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ երկու կողմերը համաձայնած են երկու երկիրներուն ունեցած առիթները օգտագործելու իրենց եւ Իրանի ու Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու եւ գործակցութեան ոլորտը մեծցնելու:

Ռայիսի յայտնեց, որ այս այցելութիւնը Իրանի ու Քաթարի միջեւ յարաբերութիւններու նոր էջ պիտի բանայ` նշելով, որ շրջանի երկիրները երկխօսութեան եւ տագնապներու կառավարման ճամբով կը գործակցին:

Ան ըսաւ, որ Քաթարի իշխանին հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին եւ Աֆղանիստանի մէջ կացութեան շուրջ կարծիքներու փոխանակում կատարած են:

Քաթարի իշխանը իր կարգին յայտնեց, որ Իրանի նախագահին հետ քննարկած է հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շրջանային ու միջազգային հարցեր, նախ եւ առաջ շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցը: Ան վերահաստատեց, որ Քաթար պատրաստ է տարակարծութեան վերջ տալու եւ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը երաշխաւորող համաձայնութեան մը գոյացման օժանդակելու:

Ան շնորհաւորեց «իրանցի եղբայրները» Մոնտիալին տոմս ապահովելնուն համար եւ Իրանի նախագահը հրաւիրեց Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք Մոնտիալին:

Նշենք, որ Իրանի նախագահը Քաթար մեկնելէն առաջ երէկ յայտնեց. «Քաթար այցելութիւնը գործնականացնելու համար է դրացնութեան դիւանագիտութիւնը, մասնաւորաբար շրջանի երկիրներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն, մասնաւորաբար Քաթարի հետ, որուն հետ կազի հասարակաց դաշտեր ունինք, ներուժներն ու կարողականութիւնները գործի լծելն է»:

 

Նախորդը

Թաւրիզի Մէջ Պատերազմական Օդանաւի Մը Ջախջախումը Զոհեր Պատճառեց

Յաջորդը

«Միջազգային Տէրութիւններու Հետ Բանակցութիւնները 2015-ի Համաձայնութեան Վերակենդանացման Ուղղութեամբ Մեծ Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.